2017-03-21 09:28:00

Հայ եկեղեցւոյ Պատարագը թեմայով համագումար Անթիլիասի մայրավանքէն ներս


Հայ Եկեղեցւոյ առանցքը կը կազմէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ս. Պատարագի ճամբով հաւատացեալները մասնակից կը դառնան Քրիստոսի բանաւոր պատարագին: Ս. Պատարագի իւրաքանչիւր աղօթքն ու շարժումը ունի իր իմաստն ու բացատրութիւնը, որուն մեկնութիւնն ու իմաստը պէտք է փոխանցուի հաւատացեալ ժողովուրդին:

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 18-19 Մարտ 2017-ին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երկօրեայ համագումար՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Ս. եւ Անմահ Պատարագը» խորագրեալ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան հարիւր յիսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ ժամանած Կիրակնօրեայ եւ Ազգային Վարժարաններէ, ծխային եկեղեցիներու դպրաց դասերէ եւ զանազան հոգեւոր եղբայրակցութիւններէ:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերոյիշեալ բաժանմունքի նախկին վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ խօսեցաւ քրիստոնէական կեանքին մէջ Պատարագին ունեցած կարեւորութեան մասին: Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «եկեղեցի մը Քրիստոնէական Դաստիարակութեան ճամբով իր հաւատացեալներուն եթէ փոխանցած չըլլայ Ս. Պատարագի մեկնութիւնը, արդէն իսկ ձախողած կ՚ըլլայ իր քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ»:

Սոյն երկօրեայ համագումարը բաժնուած էր չորս մասերու.-
Ա) Ս. Պատարագի Պատմական հոլովոյթ
Բ) Ս. Պատարագի Պատրաստութիւն եւ Ճաշու Պատարագ
Գ) Բուն Պատարագի Մեկնութիւն
Դ) Արձակում եւ Հոգեհանգիստ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի նորանշանակ վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան առաջին բաժինով ներկայացուց Ս. Պատարագի պատմական հոլովոյթը, սկսելով Քրիստոնէական առաջին դարերէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար խօսեցաւ «Պատարագ» բառի ծագման եւ իմաստին մասին: Պատմական հոլովոյթին մէջ Սրբազանը խօսեցաւ Ս. Պատարագի ծիսական բաժինին եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական զգեստներուն, աղօթքներուն, շարականներուն ու երաժշտութեան զարգացման մասին: Աւարտին, Սրբազան հայրը իւրաքանչիւր զգեստի բաժինին բացատրութիւնն ու անոր հոգեւոր իմաստը փոխանցեց ներկաներուն:

Երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ խօսեցաւ Ճաշու Պատարագի մասին՝ աւետարանական ընթերցումներու եւ «Հաւատամք»ի բաժինները բնորոշելով որպէս ուսուցողական մաս: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար խօսեցաւ Ճաշու Պատարագէն Բուն Պատարագի անցման հատուածին մասին, ուր նախնական օրէնքով չմկրտուածներ, չմաքրուածներ եւ չապաշխարածներ դուրս կ՚ելլէին սարկաւագին «Մի ոք յերախայից…»ի կոչին ժամանակ:

Բուն Պատարագի բացատրութիւնն ու մեկնութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնա-դաստիարակչական հրատարակութեանց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Հայր սուրբը խօսելով գինիի ու նշխարի սրբագործման մասին, բացատրեց օրհնութեան աղօթքներուն խոր իմաստը՝ շեշտելով անոնց խորհուրդին, ինչպէս նաեւ նշխարը՝ Քրիստոսի մարմնին, իսկ գինին՝ Քրիստոսի արեան փոխակերպման մասին:

Պատարագի վերջին բաժինին՝ հոգեհանգիստի եւ արձակումի մեկնութիւնը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի փոխ-Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեանը: Հայր Սուրբը մասնաւորաբար անդրադարձաւ հոգիներուն համար պատարագ մատուցանելու պատմական հոլովոյթին մասին եւ անոր հոգեւոր ու աստուածաբանական նշանակութեան մասին:

Համագումարի աւարտին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ մասնակիցներուն տրուեցաւ վկայագիր՝ առ ի գնահատանք իրենց մասնակցութեան:

Համագումարին փակման խօսքն ու իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Պատարագի կարեւորութեան եւ շեշտեց դիտողի դերէն դուրս գալու եւ մասնակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ընդգծեց, թէ Պատարագը այն արարողութիւնն է եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որով Քրիստոս ինք կը պատարագուի եւ կը պատարագէ: Հաղորդութեան ճամբով մենք հաղորդակից կը դառնանք պատարագիչին եւ պատարագեալին»: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գնահատանքը յայտնեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն՝ հրաւիրելով մի՛շտ որպէս մասնակից ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագի արարողութեանց:

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագի մեկնութեան երկօրեայ համագումարին առիթով Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի գրասենեակէն լոյս տեսաւ Սուրբ Պատարագի զգեստներու բացատրողական գրքոյկ մը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.