2017-03-21 10:14:00

«Ունեցէք ոչ թէ 3, այլ 5 երեխայ, քանի որ Եւրոպայի ապագան դուք էք»․ Էրտողան


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Էսքիշեհիրի նահանգապետարան կատարած այցէն ետք հրապարակի վրայ ելոյթ ունեցած է հանրութեան առջեւ: Եւրոպաբնակ թուրքերուն ուղղելով իր խօսքը` Էրտողան յայտարարած է. «Եւրապայի ապագան դուք էք»: Ան նշած է, որ եւրոպական երկիրները կը ցանկան միշտ Թուրքիան տեսնել իրենցմէ կախեալ վիճակի մէջ: Էրտողանի կարծիքով` որքան Թուրքիան տնտեսապէս հզօրանայ, այնքան Եւրոպան պիտի անհանգստանայ:

«Կը դիմեմ Եւրոպայի մէջ բնակող մեր եղբայրներուն, – ըստ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութեան ըսած է Էրտողան,- այն երկիրը, ուր հիմա կ՛ապրիք եւ կ՛աշխատիք, ձեր նոր հայրենիքն է: Աւելի շատ սատար կանգնեցէք իրարու, աւելի շատ գործեր դրէք, ձեր երեխաներուն աւելի լաւ դպրոցներ տարէք: Ձեր ընտանիքներն աւելի լաւ տեղերու մէջ բնակեցուցէք, ապրեցէք ամենալաւ տուներու մէջ, քշեցէք ամենալաւ ինքնաշարժները: Ունեցէք ոչ թէ 3, այլ 5 երեխայ, քանի որ Եւրոպայի ապագան դուք էք»:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.