2016-ին, Հայաստան այցելած իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 188 հազար 851 մարդ:
Ըստ News.am-ի՝ Մարտ 20-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան յայտարարած է, որ 2015-ին Հայաստան այցելած էին 144 հազար 160 իրանցի զբօսաշրջիկներ:
«2016-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է զբօսաշրջութեան աճ, որուն 31 տոկոսը բաժին կը հասնի իրանցի զբօսաշրջիկներուն»,- ընդգծած է Զէյթունցեան, շարունակելով, որ այս տարի քայլերու կը ձեռնարկուին իրանցի զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու թիւի աճ ապահովելու համար:
«Քայլեր ձեռնարկուած են, որպէսզի Հայաստանը զբօսաշրջիկներու համար աւելի գրաւիչ դառնայ: Առաջին՝ armeniatravel.am կայքը տեղեկութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ Նովրուզի տօնին հետ կապուած ձեռնարկներու իրականացման մասին: Բացուած է շուրջօրեայ գործող թէժ գիծ, որուն հեռախօսահամարները կարելի է տեսնել Մեղրիէն մինչեւ Երեւան ճանապարհին տեղադրուած 7 ցուցավահանակներու վրայ: Թէժ գիծին կարելի է դիմել պարսկերէնով: Բացի այդ, նոյն վահանակներուն վրայ նշուած են մօտակայ տեսարժան վայրերուն մասին տեղեկութիւններ, որոնք զբօսաշրջիկները կրնան այցելել»,- նշած է Զարմինէ Զէյթունցեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |