2017-03-20 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 մարտի քարոզը Սուրբ Յովսէփի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Եկեղեցին, Մարտ 19ին կը կատարէ Սուրբ Յովսէփի տօնը։ Սակայն որովհետեւ այս տարի մարտի 19ը կիրակի օր էր, Սուրբ Յովսէփի տօնը կը փոխադրուի երկուշաբթի, մարտ 20ի օրը։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցանեց առաւօտեան Սուրբ Պատարագը, եւ քարոզին մէջ խորհրդածեց օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածը, առնուած Մատթէոսի Աւետարանէն, ուր կը պատմուի Սուրբ Յովսէփի ունեցած տեսիլքի մասին, առընչուած Մարիամի յղութեան եւ Յիսուսի ծննդեան հետ (Մտթ Ա. 16-24)։

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց Սուրբ Յովսէփը իբր լռակեաց եւ հնազանդ մարդ մը։ Ս. Յովսէփ մարդ մըն է, որ իր ուսերուն վրայ կը կրէ “սերումի, ժառանգութեան, հայրութեան, որդեգրութեան եւ կայունութեան”խոստումները, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Այդ սուրբը, երազող մը, կարող ստանձնել այս ծանր պարտականութիւնը, կարեւոր պատգամ մը ունի մեզի՝ մեր այս ժամանակին մէջ, ուր ուժեղ կերպով կը զգանք որբութեան վիճակը։ Այդ մարդը կ’ընդունի Աստուծոյ խոստումը եւ յառաջ կը տանի լռութեամբ եւ զօրութեամբ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ այդ խոստումը կատարուի։

Սուրբ Յովսէփ շատ ըսելիքներ ունի մեզի, սակայն ան չի խօսիր, ծածուկ կը մնայ, լռակեաց. ան “այդ պահուն ամենէն մեծ հեղինակութիւնն է, սակայն առանց երեւնալու”։ Այն բաները որոնք Աստուած Յովսէփի կը վստահի “տկար բաներ” են։ Ապա մանուկի ծնունդը, փախուստը դէպի Եգիպտոս։ Յովսէփ այդ բոլորը իր սրտին մէջ կ’ընդունի եւ “մեծ գուրգուրանքով” յառաջ կը տանի այդ բոլոր “տկար բաները”։

Ան այն մարդն է որ չի խօսիր, այլ կը հնազանդի. այն մարդն է, որ կարող է յառաջ տանիլ խոստումները, որպէսզի անոնք դառնան ամրապինդ եւ ապահով։ Այն մարդն է, որ կ’երաշխաւորէ Աստուծոյ Արքայութեան կայունութիւնը, Աստուծոյ հայրութիւնը եւ մեր որդեգրութիւնը՝ իբր Աստուծոյ զաւակներ։ Յովսէփ պահապանն է տկար բաներու, մեր տկարութիւններուն. ան կարող է մեր տկարութիւններէն եւ մեր մեղքերէն՝ շատ մը գեղեցիկ բաներու ծնունդ տալ։

Յովսէփ իր պարտականութիւնը ստացաւ երազի մը մէջ։ Ան մարդ մըն է, որ կարող է երազել։ Հետեւաբար ան պահապանն է նաեւ Աստուծոյ երազին. այդ երազը, որ մեր ազատագրումը եւ մեր փրկութիւնն է, կը վստահուի Սուրբ Յովսէփի։ Վսեմ է այդ ատաղձագործը – լռակեաց, կ’աշխատի, կը պահպանէ, յառաջ կը տանի տկար բաները եւ կարող է երազելու։ Հետեւաբար ան կերպար մըն է, որ պատգամ մը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին։

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր քարոզը, ըսելով՝ “Այսօր կը խնդրեմ, որ Սուրբ Յովսէփը մեզի բոլորիս կարողութիւն տայ երազելու, որպէսզի երբ մեծ եւ գեղեցիկ բաներ երազենք՝ մօտենանք Աստուծոյ երազին, այսինքն այն բաներուն որոնք Աստուած կ’երազէ մեր մասին։ Կը խնդրեմ որ Յովսէփ երիտասարդներուն տայ երազելու կարողութիւնը, ստանձնելու դժուարին պարտականութիւններ, որոնք տեսած են իրենց երազին մէջ։ Ան մեզի բոլորիս տայ այն հաւատարմութիւնը, որ կ’աճի արդար կեցուածքի մը եւ լռութեան մէջ, որ կ’աճի քնքշութեան մէջ, որ կարող է պահպանել անձին եւ ուրիշներուն տկարութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.