2017-03-20 08:33:00

Սուրիական բանակը ետ մղած է Դամասկոսի դէմ Ժապհաթ Նուսրայի յարձակումը


Սուրիական բանակը երէկ առաւօտեան ետ մղած է Դամասկոսի դէմ Ժապհաթ Նուսրայի անոր դաշնակից այլ զինեալ խմբաւորումներու շղթայազերծած յարձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ Al-Mayadeen-ը։

Ըստ զինեալ խմբաւորումներուն, Դամասկոսի մէջ յարձակումին մասնակցած են Ֆայլաք Ալրահմանը, Ահրար Շամը, Թահրիր Շամը (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա): Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Ժէյշ Իսլամ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ֆայլաք Ալրահմանի հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով չէ մասնակցած յարձակումին:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ սուրիական բանակը բախում ունեցած է ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, որոնք Կիրակի առաւօտեան ներթափանցած են Ժոպար թաղամասին մէջ «Քրաշ»-ի գործարանին, «Ղազըլ ուա Նասիժ» ընկերութեան ճակատին վրայ զինուորական կէտերու եւ անոնց մօտ գտնուող բնակելի շէնքերու շրջանը: Սուրիական բանակը յաջողած է վնասազերծել երկու ականուած ինքնաշարժներ, նախքան զինուորական կէտերուն անոնց մօտենալը:

Բանակը՝ փապուղիներու ցանցի մը ճամբով ներթափանցած զինեալներու շարքերուն մէջ պատճառած է զոհեր եւ վիրաւորներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.