2017-03-20 09:52:00

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի սրտի խօսքը ՀԿՄ-ի պատանիներուն


Կիրակի՝ մարտ 19-ին,  Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանտեղի նախագահեց` Զալքայի մասնաճիւղի Հայ Կաթողիկէ պատանեկան միութեան 15 ամեակին յոբելենական  Սուրբ Պատարագը որուն առթիւ արտասանեց  յաւուր պատշաճի խօսքը զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ

 Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ.-

«Եռանդով եղէք անվեհեր, եռացէք հոգիով, ծառայեցէք Տիրոջ , յոյսով խնդացէք, եռանդով հիւրասիրութիւն ցոյց տուէք... » ( Հոմ. 12,11-12)։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ ամէն։

Սիրելիներ,

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է Հայ Կաթողիկէ Միութեան ընդհանրապէս անդամներուն եւ մասնաւորաբար պատանիներուն ու  երիտասարդներուն հետ աղօթել Միութեան հիմնադրութեան 15 ամեակին առիթով, որովհետեւ այս յոբելեանը ինծի կը յիշեցնէ այնպիսի   անուններ, դէմքեր, դէպքեր եւ յիշատակներ  որոնք կը վերակենդանանան մտքիս մէջ եւ մտածել կու տան  այն գեղեցիկ առաքելութիւններուն մասին, որոնք տրուած էին մեր Հայ կաթողիկէ պատանիներուն:

Կարդինալ Աղաճանեան, որ ոչ միայն Հայ կաթողիկէ համայնքին այլ համայն Հայութեան պարծանքը եղած է ու կը մնայ,  երիտասարդները ու պատանիները կոչած էր  հայ կաթողիկէ համայնքին զինուորագրեալներ,  որոնք կոչուած են իրենց կեանքը նուիրելու թէ՛ Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Ազգի ծառայութեան։

Այո սիրելիներս, ձեր կեանքը եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ ծառայութիւն մեր համայնքին բոլոր զաւակներուն, ինչու չէ նաեւ բոլոր հայորդիներուն։

Ֆրանսայի Caritas-ի հիմնադիրը՝ մոնսէնիէօր Րոտա կ'ըսէր թէ «բարեգործութիւնը ժամ չունի»։ Դուք ալ  պիտի ըլլաք այն առաքեալները որոնց համար բարեգործութիւնը կամ ծառայութիւնը ժամ չունին եւ կախեալ չեն որեւէ  հաշիւէ,  որովհետեւ բարեգործութիւնն ու ծառայութիւնը սիրոյ պտուղն են։ Հետեւաբար, մեր ընկերները սիրելով՝ սիրած կ'ըլլանք Աստուծոյ, եւ ասոր համար Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին տուած է  որոշ քանքար մը, սիրելու եւ ծառայելու շնորհքը։

Հայ կաթողիկէ համայնքը եւ այսօր մանաւանդ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը ուրախ է եւ հպարտ  ձեզմով, ձեր բարի կենցաղով, որովհետեւ դուք ոչ միայն այսօր, այլ ընդմիշտ պիտի ըլլաք հաւատացեալ հայու այն բարի  օրինակը որուն ուղղուած պիտի ըլլան ձեր շրջապատին աչքերը։

Եղէք այն մոմը որ կը վառի եւ կը լուսաւորէ ձեր բարեկամներուն ճանապարհը: Համայնքը պէտք ունի ձեզի պէս երիտասարդներու ու պատանիներու որոնք գիտեն հաճոյքի եւ զբօսանքի պահերէն դուրս գալով նուիրուիլ նաեւ ծառայութեան, եթէ նոյնիսկ այդ ծառայութիւնը երբեմն կը սահմանափակուի ժպիտի մը, որովհետեւ ժպիտ մը տալով բան մը չենք կորսնցներ, բայց անոր փոխարէն շատ բան ձրի կրնանք ստանալ: Վահան Թէքէեան կ'ըսէր. « Ինչ մնաց կեանքէն ինծի, ինչ մնաց, ինչ որ տուի  ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն»:Այո սիրելիներս, այս է մեր կեանքին ամենագեղեցիկ  բանը՝ տալ ուրիշին եւ տալով  «սիրել զԱստուած եւ  բարեկամը»: Կը խրախուսեմ ձեզ եւ կը հրաւիրեմ ձեզ չվհատելու երբեք, որովհետեւ կարելի չէ ապրիլ առանց յոյսի: Երբ յոյսը պակսի կը պակսի նաեւ կեանքը: Ժամանակաշրջանը որուն մէջ կ'ապրինք պէտք չունի բազմոցի վրայ տեղաւորուած երիտասարդներու, այլ կօշիկով երիտասարդներու: Դուք պատմութեան կերտիչներ ըլլալու կոչուած էք, այսինքն պատմութեան դերատակարներ, ձեռքեր՝ որոնք կը շարունակեն կառուցել այսօրուայ աշխարհը: Քաջութիւն ունեցէք ձեր շրջապատին սորվեցնելու թէ աւելի դիւրին է կամուրջներ կառուցել, քան պատեր բարձրացնել ու ձեր շրջապատէն պահանջեցէք ընթանալ եղբայրութեան ճանապարհին վրայ, թող որ  այս մարդկային կամուրջը ըլլայ սերմ այլ կամուրջներու:

Յիսուս որ է Ճշմարտութիւն՝ ձեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու բաժանումի եւ անիմաստ գործերու ճանապարհէն եւ ընդառաջելու այդ հրաւէրին: Այդ հրաւէրին ընդառաջելու ձեր պատրաստակամութեան վկայութիւնը տալ պիտի սորվիք  Հայ Կաթողիկէ Միութենէն, որուն անդամներն էք։ Ձեր օրինակը ձեր պատասխանը պիտի ըլլայ Յիսուսին, որ է ճանապարհ ճշմարտութեան եւ կեանք:

Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.