2017-03-20 09:32:00

Էրտողան Մերքելը կ՛ամբաստանէ Գերմանիոյ թուրքերուն դէմ նացիական գործելաոճի յանցանքով


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը ամբաստանեց «նացիական գործելաոճ կիրարկելու դիմելու» յանցանքով` հարց տալով. «Դուն ներկայիս նացիական գործելաոճը որո՞ւ դէմ կը կիրարկես: Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքացի եղբայրներուս դէմ եւ նախարար եղբայրներուս դէմ»:

Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է, որ թուրքերը «Եւրոպայի ապագան են», այդ պատճառով ալ անոնք պէտք է «ընդլայնեն իրենց ներկայութիւնը եւրոպական ցամաքամասին վրայ»:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ Եւրոպայի մէջ իմ քաղաքացիներուս, իմ եղբայրներուս ու քոյրերուս` ունեցէք ոչ թէ երեքական, այլ հինգական երեխայ», ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Եւրոպան այժմ անոնց հայրենիքն է, եւ անոնք պէտք է այդտեղ զարգանան:

«Ատիկա լաւագոյն պատասխանն է այլ հասարակութեան, թշնամանքին եւ անարդարութեան, որ անոնք ըրին ձեր նկատմամբ», ըսած է Էրտողան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.