2017-03-19 09:05:00

Կիրակի 19 Մարտ 2017 Դ. Կիրակի Քառասնորդաց


Չենք կրնար երկու տէրերու ծառայել  (Ղուկաս  ԺԶ. 1-13)

Այս աշխարհի վրայ, մարդիկ շատ ճարպիկ են իրենց գործերուն մէջ. Անոնք ամէն ձեւով, երբեմն նոյնիսկ խաբէութեամբ, կը ջանան հարստանալ եւ իրենց կեանքը ապահովել ամէն տեսակի նեղութիւններու դէմ։ Ոմանք կը յաջողին եւ կը դառնան հարուստ. ուրիշներ կը մնան միջակ վիճակի մէջ, որովհետեւ իրենց սպասած յաջողութիւնը չեն գտներ, իսկ ոմանք ալ դժբախտաբար կը ձախողին եւ կը վերածուին աղքատ վիճակի։ Վերջապէս` ոմանք, որպէսզի աղքատութեան չմատնուին, ամէն տեսակ ճարպիկ ու նոյնիսկ խարդախ միջոցներու կը դիմեն, բաւ է որ կեանքերնին ապահովեն։

Ահա ձեւով մը այս վերջիններուն գովասանքը կ՛ընէ Յիսուս այսօրուայ առակին մէջ, երբ կը խօսի տնտեսի մը մասին, որ տեսնելով թէ գործէ պիտի զրկուի, անօրինութիւն մը կ՛ընէ, իր տիրոջ պարտապաններուն մուրհակները փոխելով եւ զանոնք նուազեցնելով, որպէսզի երբ օրին մէկը անգործ մնայ, գէթ այս մարդիկը ընդունին զինք իրենց տուներուն մէջ եւ կերակրեն զինք, որպէս երախտագիտութիւն իր կատարած կարեւոր զեղջերուն իրենց պարտքերէն։

Անշուշտ Յիսուս չի խրատեր մեզ որ անօրինութիւն գործենք, այլ` հետեւեալը կը թելադրէ մեզի. ինչպէս որ մարդիկ իրենց նիւթական գործերը կարգադրելու մէջ ճարպիկութիւն ցոյց կու տան, մենք եւս` ճարպիկ գտնուելու ենք հոգեւոր կեանքի գործերուն մէջ, առատաձեռն գտնուելով մեր նմաններուն հանդէպ, որպէսզի, անոնց բարեխօսութեամբ` կարենանք օրին մէկը փրկուիլ եւ ստանալ յաւիտենական կեանքի պարգեւը Աստուծոյ կողմէ, նոյնիսկ եթէ արժանի չըլլանք ժառանգելու իր յաւիտենական բարիքները, մեր բազմաթիւ յանցանքներուն համար։

Իսկ նիւթականի եւ հոգեկանի միջեւ ընտրութեան մասին, Յիսուսի պատգամը շատ յստակ է. Կարելի չէ միեւնոյն ատեն երկու տէրերու ծառայել։ Յաճախ Յիսուսի այս խօսքը կը հնչէ Աւետարանին մէջ, զանազան ձեւերով. Նիւթը եւ նիւթականը կը շլացնեն մարդուս աչքը, կը սրեն անոր ախորժակը, սակայն երբեք կարող չեն յագեցնելու անոր սիրտն ու հոգին. Ի վերջոյ ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն մեր կեանքի ընթացքին ամբարած բոլոր հարստութիւնները երբ անոնք օր մը վերջնականապէս պիտի թողունք ուրիշներու ձեռքերուն մէջ։ Մեր հետ որեւէ ստացուածք չենք կրնար տանիլ անդենականին մէջ։

Ի՜նչ բանի պիտի ծառայեն մեր գնած հողերն ու շէնքերը, դրամատուներու մէջ մեր դիզած գանձերն ու հարստութիւնները, մեր հաւաքած գիրքերն ու գոյքերը, մեր պահարաններուն մէջ լեցուցած հագուստներն ու սպասները, մեծ զգուշութեամբ մեր պահած ու պահպանած արուեստի գործերն ու թանկագին կահ կարասիները։

Այս բոլորը, պիտի ծառայեն ուրիշներուն. Երբեմն նոյնիսկ անոնք, որպէս անարժէք իրեր` պիտի թափուին կամ աղքատներուն պիտի տրուին։ Արդ ինչու՞ մեր կեանքի ընթացքին` հոգ չտանինք զանոնք բաժնելու եւ տալու անոնց որ թերեւս մեզմէ աւելի կը կարօտին այդ բոլորին։ Այսպէսով` կը ձերբազատուինք այն ամէն բանէ որ նիւթապէս մեզ կը կապէ եւ կրնանք աւելցնել մեր հոգեկան արժէքներն ու արժանիքները, որոնց շնորհիւ է որ երկնային արդարութեան նժարը պիտի հակի դէպի մեր կողմը։

Սիրելի հաւատացեալներ, խնդրենք Յիսուսէն որ մեր միտքը լուսաւորէ իր հոգեւոր ճառագայթներով, որպէսզի տեսնենք թէ ինչ բանի մէջ կը կայանան իսկական արժէքները այս աշխարհի վրայ, եւ անոնց հետամուտ ըլլալով` կարենանք ապահովել յաւիտենական երջանկութիւնը երկնքի արքայութեան մէջ. Ամէն։

Յովսէփ վրդ. Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.