2017-03-18 12:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Գահիրէն կ՛այցելէ 28 - 29 ապրիլ 2017-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Կրէկ Պուրքի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ.

''Ընդառաջելով Եգիպտոսի Նախագահին ու Եգիպտոսի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու հրաւէրին ինչպէս նաեւ Թաուատրոս Բ Պապի ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Շէյխ Ահմէտ Մոհամմատ Էլ Թայիպի հրաւէրին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսը յառաջիկայ 28-29 ապրիլ 2017-ին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Եգիպտոսի Արաբական հանրապետութիւն մայրաքաղաք` Գահիրէ։ Ճամբորդութեան յայտագիրը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկային։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.