2017-03-18 09:12:00

«Լիբանան Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօններուն միջեւ հանդիպման կեդրոն է» շեշտեց Նախագահ Աուն


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Առաջին տիկին Նահիա Աուն երէկ վերադարձան Լիբանան:

Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Վատիկանի հետ հոգեւոր յարաբերութիւններու ամրապնդումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի գնահատականով` Եւրոպայի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ ամէնէն սերտ յարաբերութիւնները Վատիկանի եւ պապին հետ են, նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհին մէջ վերջինիս հոգեւոր գերագոյն պետ ըլլալը:

Լիբանանի կացութեան մասին խօսելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բաւական վատթարացած է Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած գաղթականներու թիւին պատճառով:

Անկախ տնտեսական կացութեան վատթարացումէն, Լիբանան կը դիմագրաւէ նաեւ ապահովական տագնապ մը, որուն ծիրին մէջ սպանութիւններն ու քրէական հարցերը աճ արձանագրած են: «Անշուշտ տնտեսական կացութիւնն ու ոճիրները իրարու հետ կապուած են` նկատի ունենալով, որ կարիքները կը բազմապատկեն ոճիրները: Անկախ ներքին ապահովական այս տագնապներէն, Լիբանան կը դիմագրաւէ նաեւ արտաքին ապահովական տագնապներ, որոնց կրցած է վերջ մը դնել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը պահէ պատգամի երկիր մը ըլլալու իր իւրայատկութիւնը` աւելցնելով, որ անոր հիւսուածքը բազմաթիւ համայնքներու միացումն է, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ: «Լիբանան կը պահպանէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան սկզբունքները», ըսաւ նախագահ Աուն` ընդգծելով, որ Լիբանան տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան է:

Նախագահ Աուն հարցազրոյցը եզրափակեց նշելով, որ Լիբանան քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն միջեւ հանդիպման կեդրոն է, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքակրթութիւններ համախմբող վայր մը, ուր այցելողը անպայման կը զգայ այդ քաղաքակրթութիւններուն բազմազանութիւնն ու դերակատարութեան կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.