2017-03-18 09:02:00

Երանելի կը հռչակուի աշխարհական հաւատացեալ Ժուզեփփէ Մայր Նուսսեր


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 18 մարտ 2017-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Իտալիոյ Պոլծանօ քաղաքին մէջ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին  երանելի հռչակեց Աստուծոյ ծառայ­ աշխարհական հաւատացեալ Ժուզեփփէ Մայր Նուսեր։   

27 դեկտեմբեր 1910-ին, Իտալիոյ Պոլծանօ քաղաքին մէջ ծնած նորահռչակ երանելին, մանուկ հասակէն  յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է   աղքատներուն, ապա  անդամակցած է  Սուրբ Վինչենցօ միաբանութեան ։  Ինքնաշխատութեամբ զարգացած եղբայր Ժուզեփփէ    կարդացած է  մեծ հեղինակներու հոգեւոր գիրքեր,  ապա երիտասարդ հասակին  մաս կազմած  է Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումին­. ճիշդ այն ժամանակամիջոցին՝  երբ երկիրը իշխող ֆաշական  վարչակարգը  հակառակ կը կենար   եկեղեցական շարժումներուն։   Ի տես այս իրողութեան Եղբայր  ժուզեփփէ , շարունակած  անխոնջ   քաջալերած է  իր  ազգակիցները  հաւատարիմ   ու կառչած մնալու քրիստոնէական հաւատքին։  

26 մայիս 1942-ին, ան  կ՝ամուսնանայ տիկին ''Հիլտեկարտ''   գործընկերուհիին հետ, որմէ  տարի մը ետք զաւակ մը կ՝ունենայ եւ զայն կը կոչէ Ալպերթ։  Եղբայր Ժուզեփփէ ,Նացիական բանակին  կողմէ  զինծառայութեան կը կանչուի ուր՝    կը ծառայէ համբերութեամբ  , հաւատարիմ մնալով   զինուորական  սկզբունքներուն   ու օրէնքներուն, մինչեւ 4 հոկտեմբեր 1944, երբ՝  հրապարակաւ կը մերժէ  հաւատարմութեան ուխտը կատարել Հիթլերին, չփոխարինելու  համար իր միակ Աստուծոյ հանդէպ  պաշտամունքը, գերմանացի քաղաքական բարձր անձնաւորութեան հետ  ։  

Եղբայր Ժուզեփփէ ՝՝Տաշաու՝՝ ողջակիզման վայր փոխադրութեան ժամանակ , ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ հոգին կ՝աւանդէ  24 փետրուար 1945-ին ։Երանելի Ժուզեփփէյի  ծիսական յիշատակի օրը կը նշուի 3 հոկտեմբերին ՝ Քրիստոսը Հիթլերի փոխարէն ընտրութեան  տարեդարձէն մէկ օր առաջ ։  1958-էն ի վեր  անոր մարմինը կը հանգչի  Սուրբ Ժուզեփփէ Ա Սթելլա Տի Ռենոն եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.