2017-03-18 10:21:00

՝՝Տեղեկատուութիւնը թող ճշմարիտ ըլլայ'' ըսաւ Կարդինալ Փարոլին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 17 մարտին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ լրագրողներու կարգի ազգային խորհուրդի նոր կեդրոնի բացման արարողութիւնը,  որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար `Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Այս առթիւ լրագրողներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Կարդինալ Փարոլին մաղթանք յայտնեց, որ հաղորդուած  տեղեկատուութիւնը պէտք է միշտ ըլլայ հարազատ ու ճշմարիտ, առանց որեւէ  տեսակի խեղաթիւրումի զարգացնելով այն ինչ որ  կը միացնէ քան այն ինչ որ կը բաժնէ''։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը  հրաւիրեց ապա երկխօսութեան կամուրջներ կառուցել՝ նպաստելու անտարբերութեան  ընդլայնումին կասեցման,  մերժելով ''բախումներ  հրահրելու փորձութիւնը՝  բռնութիւն եւ անհանդուրժողութիւն արտայայտող ոճի գործածութեամբ''

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունին Վատիկան կատարած այցելութեան , դիտել տալով  որ Լիբանանը կարեւոր քայլ ձեռնարկած է հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ ու թէ դրական երեւոյթ է նաեւ  քրիստոնեաներու միջեւ վերահաստատուած միութիւնը ու անոնց աւելի ծանր կշիռը՝ երկրի կեանքէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.