2017-03-17 10:12:00

Արցախի մէջ պիտի կառուցուի առաջին արեւային կայանը


Մարտ 14-ին կայացած նիստին Կառավարութիւնը ընդունած է փոքր ջրաելեկտրակայաններու համար առաւելագոյն հզօրութիւն սահմանելու վերաբերեալ Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան նախագիծը, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը։

Որոշումով առաջարկուած է Արցախի հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովին փոքր ջրաելեկտրակայաններու համար առաւելագոյն հզօրութիւն սահմանել 30 Մվթ-ը:

Անդրադառնալով ուժանիւթի ոլորտի հնարաւորութիւններուն` վարչապետը կարեւոր համարած է ջրաելեկտականութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը, ինչպէս նաեւ շեշտադրած է արեւային ուժանիթի զարգացման կարեւորութիւնը: «Մենք որեւէ ուսումնասիրութիւն չունինք արեւային ուժանիւթի արտադրութեան հնարաւորութիւններու վերաբերեալ: Պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարենք, որուն համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ նաեւ խորհրդակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ու մասնագէտներու հետ: Այժմ պէտք է արեւային ելեկտրակայաններու կառուցման համար յարմար տարածքներու հետազօտութիւններ կատարենք, մանաւանդ որ արդէն ներդրող կայ, որ պատրաստ է կառուցելու առաջին արեւային կայանը: Բացի ատկէ, պէտք է արեւային մարտկոցներ տեղադրել բոլոր նոր կառուցուող բնակարաններուն վրայ` տաք ջուրի մատակարարման համար: Ատոր շնորհիւ քաղաքացիները եւ՛ միջոցներ կը տնտեսեն, եւ՛ փորձ ձեռք կը բերեն: Այսինքն, մենք պէտք է գիտակցինք արեւային ուժանիւթի հեռանկարը եւ այսօրուընէ զարգացնենք այդ ոլորտը»,- ընդգծած է Արա Յարութիւնեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.