2017-03-17 09:29:00

19 Մարտին Տօնն է Ս Յովսէփ Աստուածահօր։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի 19 Մարտին կը տօնախմբուի Ս Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը ըստ Լատինաց։ Նոյն օրը կը նշուի նաեւ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ անուանակոչութեան տօնը ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը։

Սուրբ Յովսէփ  Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ  ''Արդար'' մարդ։ Նշանուած էր Մարիամի հետ, Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ։ Երբ Յովսէփ  իմացաւ որ Մարիամ յղի էր,  ազնիւ մարդ ըլլալով որոշեց առանց պատճառը հրապարակելու ''լռելեայն արձակել Մարիամը'', սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ  ըսաւ. ''Յովսէփ Դաւթի որդի, մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ. որովհետեւ անոր մէջ ծնածը  Ս Հոգիէն է. պիտի ծնի որդի մը, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը  մեղքերէն''։

Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով. ''Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն Էմմանուէլ. ( որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ)։

Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ  Մարիամը, աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր, տէր կանգնեցաւ Մարիամին  ու նաեւ Յիսուսին։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ''Յովսէփ'' մեծ անուն ունի  եւ հռչակուած է եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը։ 

Յիսուս  բազմիցս կոչուած է  Որդի Աստուծոյ, Որդի Դաւթի ու Որդի Մարդոյ, սակայն նաեւ  կը մնայ Որդի Յովսէփայ, ասիկա Յովսէփին անկապտելի  եւ յաւիտենական փառքն է։

Արդար է  եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը  Յովսէփի նկատմամբ. ան  կը ներկայացուի  աստուածային իր մանուկը  բարձր ու հայրաբար  բռնած աշխատաւորի կարշնեղ -քաջակազմ  բազուկներէն մէկուն մէջ, եւ միւս ձեռքին  մէջ բռնած շուշանածաղիկ  մը, խորհրդանիշ՝ իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան։

Յայսմաւուրքին մէջ, Յովսէփ ներկայացուած է  իբրեւ մարդ մը ''ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն. հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց եւ օժտուած ամենաբարի բնութեամբ։  Ս Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.