2017-03-16 08:30:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ ընտրուած է Գարեգին Արք․Պեքճեան


Չորեքշաբթի, 15 Մարտին կայացաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին քայլը՝ տեղապահի ընտրութիւնը:

Տեղապահ ընտրուեցաւ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքչեանը: Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, միջամտեց պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին՝ տեղապահի ընտրութիւնները համարելով «իրաւականօրէն» անընդունելի: Նահանգապետարանի միջամտութեան առնչութեամբ՝ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ընտրուած տեղապահ Պէքչեանը:

Ընտրութիւններու արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, Արամ արք. Աթէշեան լրագրողներուն եւ ներկաներուն բաժնած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելը իրաւականօրէն անհնա՛ր է:

Հակազդելով նահանգապետարանի այս միջամտութեան, նորընտիր տեղապահը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր ան նշած է, որ Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքութիւնը ներկայացնող խումբ մը անձնաւորութիւններու հետ պիտի այցելեն նահանգապետարան:

«Ես նահանգապետարան պիտի չերթամ: Այցին ընթացքին մերինները տեղապահի ընտրութիւններու տրամաբանութիւնը պիտի բացատրեն: Այնուհետեւ յայտարարութիւն պիտի կատարուի: Ասիկա քանի մը օր պիտի տեւէ, եւ ես այդ ընթացքին այստեղ պիտի ըլլամ», յայտնած է Պէքչեան:

Գարեգին արք. Պեքճեան պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ պատրիարքարանի փաստացի ղեկավարը մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրուիլը:

Տեղապահի ընտրութենէն ետք պիտի ձեւաւորուի Նախաձեռնող խումբ, որ պէտք է նախապատրաստէ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Խումբը ամէն ամիս ժողովուրդին պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ զեկոյց պիտի ներկայացնէ: Ան պէտք է հաւասար պայմաններ ապահովէ պատրիարքական թեկնածուներուն համար` նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով: Եթէ վեց ամսուան ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններ չիրականացուին տեղապահի եւ Նախաձեռնող խումբին համար վստահութեան քուէ պիտի պահանջուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.