2017-03-16 09:17:00

Նախագահ Աուն այսօր հանդիպում մը կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հինգշաբթի, 16 մարտ 2017-ին, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Նախագահ Աուն, Առաջին տիկին Նատիա Աուն եւ նախագահին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հռոմ:

Հռոմի մէջ նախագահ Աուն ուրախութիւն յայտնեց իր կատարած այս այցելութեան առիթով` շեշտելով, որ Պապական աթոռը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ, նկատի ունենալով, որ պատմութեան ընթացքին Վատիկանն ու պապերը մնայուն կերպով զօրակցած են Լիբանանին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք Ֆրանչիսկոս պապին պիտի փոխանցէ լիբանանցիներուն կողմէ սիրոյ պատգամ մը, ինչպէս նաեւ պիտի վստահեցնէ, որ Լիբանան որդեգրած է միասնականութեան եւ ազգային համակեցութեան ուղին` պահպանելով համերաշխութեան օրինակելի երկիրը ըլլալու իր իւրայատկութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.