2017-03-16 09:25:00

Դամասկոսի մէջ անձնասպանական գործողութիւնը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր


Հինգշաբթի, 16 մարտին, Դամասկոսի Համիտիյէ թաղամասին մէջ գտնուող արդարութեան պալատին մուտքին տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ:

Նախնական տուեալներով, Դամասկոսի ոստիկանապետը յայտնեց, որ ականուած գօտիի պայթումին պատճառով արձանագրուած է 25 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 31-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը 65 է:

Շատ չանցած հաղորդուեցաւ, որ Դամասկոսի Ռապուէ շրջանին մէջ եւս տեղի ունեցած է պայթում մը:

Նշենք, որ այս մէկը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին Դամասկոսը հարուածած երրորդ անձնասպանական գործողութիւնն է: Շաբաթ օր Դամասկոսի Պապ Սաղիր շրջանին մէջ շիիներու սրբավայրերու դէմ երկակի անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառած էր 41 զոհ եւ 100 վիրաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.