2017-03-16 09:06:00

Ատլանտեան Քանատայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) 16 - 18 մարտ  2017-ին Ատլանտեան Քանատայի եպիսկոպոսները Հռոմ կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եւ հինգշաբթի 16 Մարտին հանդիպում կ՛ունենան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Քանատան Ռուսիայէն ետք ամէնէ տարածուն երկիրն է եւ ունի 9.897,170 քմ քառակուսի տարածք ու 35 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն։ Քանատայի բնակչութիւնը  բազմացեղային բնոյթ ունի։ Այնտեղ ծնածներուն կէսէն աւելին Բրիտանական ծագում ունի մինչ մէկ երրորդը Ֆրանսական ծագումով է ու 3.8 առ հարիւրը բնիկներ են։

Քանատայի մէջ բնակութիւն հաստատած են աւելի քան 20 ազգութիւններու պատկան քաղաքացիներ։ Քանատայի պաշտօնական լեզուներն են Անգլերէնն ու Ֆրանսերէնը։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը` 44 առ հարիւրը կաթողիկէ են, կան ապա Բողոքական, Անկլիքան, Լուտերական ու հոգեգալստեան եկեղեցիներու պատկան հաւատացնելներ։ Օրթոտոքսները կը ներկայացնեն բնակչութեան 2 առ հարիւրը, ու նոյն քանակութեամբ է նաեւ իսլամ հաւատացեալներու թիւը։ Կան ապա Պուտտայականներ, Ինտուներ եւ հրեաներ։ 

Քանատայի մէջ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է ԺԶ եւ ԺԷ դարերուն եւրոպացի միսիոնարներու քարոզութեամբ ու յատկապէս Յիսուսեան միաբանութեան առաքելական գործունէութեամբ։

Քանատայի Եկեղեցւոյ հիմնադիրներու շարքին արժանի է յիշել նաեւ Գերապայծառ Ֆրանսուա Տէ Մոնմորէնսի-Լավալը` Քեպէքի առաջին եպիսկոպոսը զոր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սրբադասուեցաւ 2014-ին

Արեւելեան եկեղեցիները եւս իրենց սատարը բերին Քանատայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծաւալումին ի տես այնտեղ հաստատուած Եւրոպայի Արեւելեան շրջաններէն արտագաղթած բազմաթիւ հաւատացեալներուն, յատկապէս Ուքրանիայէն ինչպէս նաեւ Միջին արեւելքի երկիրներէն։

Քանատայի ընկերութեան բազմացեղային ու բազմամշակութային բնոյթի ցոլացումը կ՛արտայայտուի նաեւ Եկեղեցական կառոյցին մէջ։ Քանատայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համախմբումը ստեղծուած է է 1943-ին եւ Սուրբ Աթոռին կողմէ  հաստատուած 1948-ին։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառոյցը բաժնուած է  4 մասերու։ Ատլանտեան Մարզ ուր կան 3 Աւագ թեմեր եւ 7 ենթակայ թեմեր։ Ապա Արեւմտեան Մարզ ուր կան 5 աւագ թեմեր, լատին ծէսի պատկան 10 թեմեր, մէկ Յոյն կաթողիկէ առաջնորդութիւն որմէ կախեալ են  բոլոր Քանատայի տարածքին գոյութիւն ունեցող 4 ժողովրդապետութիւններ։

Ապա կայ Օնթարիօյի Մարզը ուր կան 4 աւագ թեմեր եւ 12 ենթակայ թեմեր որոնց պէտք է աւելցնել Արեւելեան Ծէսի պատկան 3 թեմեր հուսկ Քեպէքի Մարզը ուր կը գործեն 4 աւագ թեմեր, 14 ենթակայ թեմեր ու 2 Արեւելածէս թեմեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.