2017-03-15 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝ծանր մեղք է աշխատազուրկ ընել մարդիկը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 15 մարտ 2017ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յատուկէն ողջունեց ''Sky Italia” իտալական հեռուստակայանին ընկերութեան  պաշտօնեաները,  մաղթելով անոնց,  որ իրենց աշխատանքային ներկայ կացութիւնը կարենայ արագ լուծումներու հանգիլ՝ բոլորին ու յատկապէս ընտանիքներու   իրաւունքներու  յարգանքով։

''Աշխատանքը՝ մեզի արժանապատուութիւն կու տայ – ըսաւ Քահանայապետը, , ժողովուրդներու պատասխանատուները,  բարձրաստիճան պաշտօնեաները,  պարտականութիւնը ունին  ամէն ինչ կատարելու,  որպէսզի  իւրաքանչիւր այր ու կին, կարենայ աշխատիլ եւ այսպէս  ճակատը բարձր  պահելով կարենայ ուրիշներուն երեսին նայիլ արժանապատուութեամբ'' ։

Սրբազան Հայր ապա աւելցուց,  թէ այն անձը որ տնտեսական ձեռքբերումներու համար, գործարաններ կը փակէ  եւ մարդիկը աշխատազուրկ կ՝ընէ՝ ծանր մեղք կը գործէ''

 








All the contents on this site are copyrighted ©.