2017-03-15 13:50:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան…

Տրամաբանութիւնը մեզի թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ կոյր մը չի՛ կրնար կոյրի մը առաջնորդ ըլլալ, մանաւանդ որ Աւետարանին մէջ, Յիսուսի մտածողութեան յստակ մէկ պատկերացումով հաստատուած է այդ: «Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (հմմտ Մտ. 15.14):

Հետաքրքրական է հարց տալ, թէ կոյրը կոյրին առաջնորդելու պարագային ո՞ւր կրնայ տանիլ զայն: Անշուշտ տրամաբանական պատասխանը պիտի ըլլար ՜՜կուրանոց՝՝: Սակայն, ճշմարտութիւնը այն է, որ կոյր մը ուրիշ կոյրի մը ձեռքէն բռնելով, կուրանոց չ’առաջնորդեր զայն: Այս հաստատումը կ’ընենք, յենելով այն իրողութեան, որ այսօր մեր ապրած ընկերութեան միջավայրը շատ աւելի կոյր առաջնորդներով լեցուն է, քան՝ աչքի լոյս ունեցողներով: Իսկ եթէ այնպէս ըլլար, որ կոյրը կոյրին կուրանոց առաջնորդէր, այսօր շատ քիչ թիւով կոյր առաջնորդներու պիտի հանդիպէինք:

Հետաքրքրական այլ իրողութիւն մըն է նաեւ այն, որ շատ մը կոյրեր չեն ընդունիր իրենց աչազրկութիւնը: Անոնք կրնան գիտնալ, թէ իրենք չե՛ն տեսներ, սակայն շրջապատը կը համոզեն իրենց տեսնելու կարողութեան մասին: Հանդիպած եմ կոյրերու, որոնք շփոթ ստեղծած են իրենց շրջապատին մէջ՝ իրենց աչքերու տեսողութեան շուրջ: Նոյնիսկ իրենց հարազատներուն մէջէն ոմանք այնպէս կը հաւատան, թէ մասամբ կը տեսնէ, իսկ ուրիշներ կը պնդեն թէ՝ բնա՛ւ չի տեսներ: Իսկ կոյրը ինք կ’ըսէ՝ թէ երբեմն կը տեսնէ եւ երբեմն՝ ոչ: Շփոթի այս իրավիճակը երկուստեք նպաստաւոր չէ: Նախ կոյրին համար, որ յետ այնու կը նկատուի անվստահելի անձ մը, որովհետեւ իր ծածուկ կարողութեամբ՝ այնպէս ձեւացնելով, որ չի՛ տեսներ, կրնայ լրտեսել ուրիշներու կեանքը: Նաեւ նպաստաւոր չէ իր շրջապատին մէջ գտնուողներուն համար, որովհետեւ անոնց կեանքը եւս պիտի խանգարուի, իր ներկայութիւնը միշտ հաշիւ ընելու եւ ըստ այնմ վարուելու իմաստով:

Ինքզինք աչքի լոյսով օժտուած համարող մարդիկ ալ անպակաս են: Ասոնք իրենք զիրենք «աչքը բաց» նկատողներն են, որոնք ամէնէն աւելի շուտ թակարդին մէջ կը բռնուին: Յատկապէս մեծ զարգացումի հասած մարդիկ կրնան ըլլալ ասոնց խումբին մէջ, որոնք միամիտ գիւղացիի մը կատարած ամէնէն պարզ աճպարարութենէն կը խաբուին:

Ամէնէն տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ ֆիզիքապէս, մտապէս եւ հոգեպէս առողջ մարդիկ իրենց անձը կը յանձնեն կոյրին, որպէսզի առաջնորդէ զիրենք: Սա պարզապէս ողբերգութիւն է։ Հոս կը սկսի ընկերութեան դժբախտութիւնը, երբ կոյրերուն կը վստահին մարդիկ իրենց անձը եւ իրենց կեանքը:

Առաջին իսկ ակնարկով մե՜ծ հակասութիւն մը կը նկատուի երկուքին միջեւ: Ինչպէ՞ս կրնայ գիտակից, ինքնավստահ անհատ մը անձնատուր ըլլալ կոյրին: Սակայն, ժամանակի ընթացքին կարելի է տեսնել, թէ ինչքա՜ն նմանութիւններ եւ նոյնիսկ նոյնութիւններ կան կոյրին եւ լաւ տեսնող «աչքը բաց»ի նկարագրային գիծերուն միջեւ: Առաջին եւ ամէնէն աչքառու թերութիւնը աչքը բացին, իր չափազանց ինքնավստահութիւնն է: Ան ինքնավստահութեամբ կուրցած մըն է արդէն:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ, դպիրներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն համար ըսուածը այն է, որ պէտք է թողուլ զանոնք, որպէսզի զիրար առաջնորդեն իբրեւ կոյրեր, մինչեւ որ բոլորը միասին փոսը իյնան: Անյոյս պարագայ մը կը նկատէ Յիսուս անոնց մէջ, ետդարձի ամէն կամուրջ այրած համարելով:

Կոյրը կոյրին ո՞ւր կ’առաջնորդէ արդեօք: Իւրաքանչիւր անձ այս հարցումը ինք իրեն հարցնելէ ետք, եթէ դրական պատասխան մը գտնէ, թող հետեւի կոյրին: Եթէ ապահով ճամբորդութիւն կը նկատես կոյրին առաջնորդութեամբ ընթացող ճամբան, շարունակէ գնացքդ եւ հասած տեղէդ լուր տուր մեզի, որպէսզի մենք ալ քու օրինակիդ հետեւինք, կոյր առաջնորդ մը ընտրելով մեր կեանքին համար…








All the contents on this site are copyrighted ©.