2017-03-15 08:44:00

Բրիտանական Խորհրդարանը վերջնականապէս որդեգրեց «Պրեքզիթ»-ի մասին օրէնքը


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ բրիտանական խորհրդարանի երկու պալատներն ալ երէկ վերջնական տեսքով որդեգրած են «Պրեքզիթ»-ի` Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն վերաբերեալ օրէնքը: Այժմ կը մնայ, որ օրէնքը ստորագրէ թագուհին:

Օրէնքի որդեգրումէն ետք վարչապետ Թերեզա Մէյ լիազօրութիւն պիտի ստանայ Եւրոպական Միութեան հետ «Պրեքզիթ»-ի մասին բանակցութիւններու սկսելու:

Միւս կողմէ` «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ առաջին նախարար Նիքոլա Սթըրճըն յայտարարած է, որ Սկովտիան մտադիր է Բրիտանիոյ հետ Սկովտիոյ անկախութեան մասին նոր հանրաքուէի հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Առաջին հանրաքուէն տեղի ունեցած էր 18 սեպտեմբեր 2014-ին: Օրին հանրաքուէի մասնակիցներուն շուրջ 55 առ հարիւրը զօրակցած էր Բրիտանիոյ կազմին մէջ մնալու գաղափարին:

Ըստ Սթըրճընի, եթէ նոր հանրաքուէի հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, ատիկա տեղի պիտի ունենայ 2018-ի աշունէն մինչեւ 2019-ի գարուն երկարող ժամանակաշրջանին: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ մինչ այդ «Պրեքզիթ»-ի պայմանները արդէն յստակ կը դառնան եւ եթէ հակասեն Սկովտիոյ շահերուն, ապա նոր հանրաքուէ կը կատարուի` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ անկախութեան կողմնակիցներուն յաղթանակին:

Լոնտոն կը պնդէ, որ սկովտիացիները արդէն իրենց կարծիքը յայտնած են 2014-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.