2017-03-14 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''ապաշխարել կը նշանակէ բարիք կատարել ոչ թէ խօսքով այլ գործով''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երեքշաբթի, 14 մարտ 2017-ի՝ առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ մատուցեց  սուրբ պատարագի զոհ եւ այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւնը մը , որուն նիւթը քաղուած էր օրուան Աւետարանէն՝ ուր Յիսուս կը յանդիմանէ Իսրայէլի ժողովուրդի բարձր աստիճան պաշտօնեաները, որովհետեւ անոնք միայն կը խօսին սակայն՝ ոչ մի շօշափելի գործ կը կատարեն։

՝՝Եթէ չկան շօշափելի արարքներ, կարելի չէ ապաշխարել եւ դարձի գալ'' յարեց Սրբազան Հայրը ու այս առընչութեամբ  թուեց դարձի գալու կանոնները.  սորվիլ բարիք կատարել եւ  հեռու մնալ չարիքէն։

Բարիք ընել դիւրին չէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ հարկաւոր է սորվինք զայն մանուկներու նման։ Հարկաւոր է ամէն օր նախօրդ օրուընէ աւելի լաւ սորվիլ ու հեռու մնալ չարէն այս է ապաշխարութեան կանոնը։  Դարձի գալը չշնանակեր  կաղարդական ցուպի միջոցաւ արարքի մը ենթարկուիլ  այլ ուղեւորութիւն մըն է ըսաւ Սրբազան հայրը ուղեւորութիւն՝  հեռանալու եւ սորվելու հաստատեց Ան ընդգծելով թէ այս կը պահանջէ քաջութիւնը ու հեզութիւն։

Յիսուս` Տէրը, մեզի ցոյց կու տայ երեք առարկայական իրողութիւններ, որոնել արդարութիւնը, ընկճուածին օգնութեան հասնիլ, որբին արդարութիւն մատակարարել ու այրի կնոջ դատը պաշտպանել,  ըսաւ Նորին Սրութիւնը ակնարկելով օրուան Աւետարանին ու հաստատեց թէ այս մեր ապաշխարանքի ուղեւորութեան ընթացքին Աստուած միշտ մեզի մօտ է ու մեր օգնութեան կը հասնի ու կարող է հրաշք գործել մեզ բոլորովին վերափոխելով։ Աստուած Հայր  մըն է որ մեր հետ կը խօսի ­ Հայր մը որ մեր բարիքը կ՝ուզէ եւ մեզի կ՝ընկերանայ  ապաշխարութեան ուղիին վրայ վերահաստատեց Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ այս առնչութեամբ Աստուած մեզմէ կը պահանջէ   միայն որ հեզ ըլլանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին մէջբերելով Յիսուսի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ  Ով որ ինքզինք բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։( Մատթ. 23 12) դարձեալ շեշտը դրաւ  քառասնորդացի ապաշխարութեան ընթացքին վրայ ''հեռանալ չարէն, սորվիլ բարիք կատարել, վերականգնիլ ու դէպի Քրիստոս ընթանալ''։ Այդ պահուն մեր բոլոր մեղքերը ներում պիտի ընդունին։








All the contents on this site are copyrighted ©.