2017-03-14 10:18:00

Պրիւքսէլ մասնակիօրէն սառեցուց ԵՄ-ի հետ համարկման համար Անգարայի ֆինանսաւորումը


«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հան յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը սառեցուցած է Եւրոպական Միութեան հետ համարկման համար Անգարայի յատկացուած ֆինանսաւորման մէկ մասը, որովհետեւ Թուրքիան «կը հեռանայ Եւրոպայէն»:

«Թուրքիա դէպի Եւրոպա չ՛ընթանար, այլ` հակառակ ուղղութեամբ: Մենք օրէնքով հարկադրուած ենք ելեւմտական աջակցութիւնը կապել երկրին արձանագրած յառաջդիմութեան», «Տի.Վի.Էյ.» գործակալութեան ըսաւ Հան:

Ան աւելցուց, որ ժխտական ընթացքը սկսաւ երեւան գալ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ յուլիսեան յեղաշրջումի փորձէն ետք, եւ այդ ընթացքը «միայն Եւրոպական Միութեան արժեչափերուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ միջազգային օրէնքին»:

Անծանօթ կը մնայ, թէ ո՛ր նիւթական յատկացումները եւ որքա՛ն տեւողութեամբ սառեցուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.