2017-03-13 10:58:00

Կարդինալ Փարոլին. Ֆրանչիսկոս Պապ ''սրտերու բարեկարգումի'' Քահանայապետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան չորրորդ տարեդարձը։ Քահանայապետութիւն մը յատկանշուած բարեկարգումի մեծ գործունէութեամբ որուն առանցքը կը կազմէ ողորմութիւնը։

Այս տարեդարձին առթիւ Քահանայապետի թիւ մէկ համագործակիցը` Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինը, յատուկ հարցազրոյց մը շնորհեց Ռատիօ Վատիկանին  անդրադառնալով Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի ընտրութեան օրուան` մինչ ինք (Փարոլինը) կը գտնուէր Քարաքասի մէջ, ուր կը պաշտօնավարեր որպէս պապական նուիրակ։

''Երբ լուրը իմացայ մեծ զարմանքի մատնուեցայ, տրուած ըլլալով որ Պերկոլիոյի անունը Քահանայապետութեան թեկնածուներու ցանկին մէջ չէր գտնուէր'' ըսաւ կարդինալ Փարոլին, աւելցնելով թէ անակնկալ եղաւ նաեւ  Ֆրանչիսկոս անունը ընտրելը­, հուսկ Քահանայապետին ամենայն պարզութեամբ կատարած առաջին ճառը` որ անդորրութիւն կը ներշնչեր­, ապա անոր յանձնումը հաւատացեալներուն ու խնդրանքը որ` որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ­ իրեն շնորհեն իրենց օրհնութիւնը։  

Կարդինալ Փարոլին`  անդրադարձաւ ապա Քահանայապետին հրաւէրին` ըլլալու դէպի դուրս եկեղեցի մը, բաց ու դէպի Յիսուս Քրիստոս ուղղուած ընթացքի մէջ եկեղեցի մը, ու այս առնչութեամբ հաստատեց թէ այդ ընթացքը պէտք է կատարուի միասնաբար, Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ։

Խօսելով  Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առանցքը կազմող ողորմութեան մասին Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ այս մէկը Քահանայապետի քմահաճոյքի իրողութիւն մը չէ այլ հիմնական  Խորհուրդին` Աստուծոյ Սիրոյն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնել է։

Համայն փրկագործութեան պատմութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այդ սիրոյ յայտնութիւնը, ողորմութեան ու Աստուծոյ քնքշութեան յայտնութիւնը մարդկութեան նկատմամբ։ Քահանայապետը արդարեւ մեզ կը հրաւիրէ ընթանալու դէպի կեդրոն ու ակնաղբիւր, ու եկեղեցին պէտք է դառնայ միջոց իրականացնելու համար Աստուած ողորմութեան ու մարդուն միջեւ հանդիպումը. Այս առնչութեամբ Ողորմութեան Սուրբ Տարին եղաւ պարգեւ մը որ Քահանայապետը նուիրեց եկեղեցւոյ, որպէսզի ան դառնայ ողորմութեան գործիք, այնպէս ինչպէս Ինք յայտարարեց. Սուրբ Դուռը կը փակուի սակայն ողորմութեան դուռը` Աստուծոյ ողորմածութեան դուռը`միշտ բաց կը մնայ։

Քահանայապետը հուսկ իր գործելաոճով մեզի ցոյց տուաւ թէ ի՞նչ ըսել է ըլլալ ողորմած, յատկապէս այս քառասնորդաց շրջանին, որ հրաւէր մըն է ապաշխարութեան, Ան մեզի կը յանձնարարէ ըլլալ եղբայրասէր, հաստատեց Կարդինալ Փարոլին ու աւելցուց` Քահանայապետին պատգամն է` վերանորոգուած ուշադրութիւն ցուցաբերել այն անհատներուն նկատմամբ որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ապրին, աղքատները, մեկուսացեալներն ու կարիքաւորները։

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադարձ կատարեց  ''Amoris laetitia – Սիրոյ ուրախութիւն'' քահանայապետական շրջաբերականին, հաստատելով թէ այդ շրջաբերականը նոր թափ տուաւ ընտանիքի հովուական խնամակալութեան,  հուսկ խօսեցաւ Եկեղեցւոյ Բարեկարգումի գործընթացքի մասին, յայտնելով թէ այս մէկը կը սկսի ապաշխարութենէն։

''Եկեղեցին պէտք է վերադառնայ իր արմատներուն ու կառոյցներու բարեկարգումէն անդին հարկաւոր է սրտերու վերանորոգում­, որովհետեւ բոլոր բարեկարգումները կը բխին ու սկիզբ կ՛առնեն սրտէն, ինչպէս յիշեց  Քահանայապետը Հռոմի Քուրիայի արտասանած ճառին մէջ, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին  ու զրոյցի աւարտին խոստովանեցաւ թէ ինք հմայուած է թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կարողութիւն ունի հաւատքի աչքերով դիտել բոլոր իրադարձութիւնները ու ապրիլ  միշտ ներքին համերաշխութեամբ, նոյնիսկ ամենադժուար կացութիւններու ընթացքին անվերապահ վստահութիւն ունենալով Աստուծոյ վրայ։ Այս մէկը ինծի եւս կ՛օգնէ մեծապէս`  իմ պաշտօնիս ու ինծի յանձնուած պատասխանատուութիւնը լաւապէս կատարելու - ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.