2017-03-12 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Այն որ Քրիստոսի հետ մեռնի Քրիստոսի հետ յարութիւն կ՛առնէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, այս ողջոյնի խօսքով `ուղղուած Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, ամէն կիրակի սկիզբ կու տայ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։

Կիրակի 12 սեպտեմբերին եւս Ան նոյն բառերով ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները յայտնելով թէ քառասնորդացի այս կիրակի օրուայ աւետարանը կը ներկայացնէ Յիսուսի այլակերպութեան պատմուածքը (Մատթ 17 –1 19)։

Յիսուս առաւ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝ Յովհաննէսը, հանեց զանոնք բարձր լեռ մը՝ առանձին,  եւ այլակերպեցաւ անոնց առջեւ. իր երեսը փայլեցաւ արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ եղան՝ լոյսի պէս:

Այս եղելութեան ընկերացաւ այլ իրականութիւն մը Մովսէսին ու Եղիային երեւումը որոնք կը խօսակցէին Յիսուսին հետ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու դիտել տուաւ թէ լուսաւորութիւնը որ այս արտակարգ դէպքը  կը բնութագրէ կը յատկանշէ  նաեւ անոր նպատակը որ է  լուսաւորել աշակերտներուն մտքերն ու սրտերը որպէսզի յստակ կերպով հասկնան թէ ով է իրենց Վարդապետը։

Նորին Սրբութիւնը յայտնեց ապա թէ այս դէպքը պատահեցաւ երբ Յիսուս արդեն մղուած էր դէպի Երուսաղէմ, ուր պիտի դատապարտուէր ու մեռնէր խաչին վրայ եւ ասոր համար Ան ուզեց իր աշակերտները պատրաստել այս հաւատքի զօրեղ գայթակղութեան ու միաժամանակ անոնց աւետել իր Յարութիւնը, յայտնուելով որպէս Մեսիայ եւ Աստուծոյ Որդի։

Յիսուս արդարեւ կը ներկայանար սպասուած Մասեայէն բոլորովին տարբեր. ոչ թէ հզօր ու փառաւոր թագաւոր մը` այլ խոնարհ ու անզէն ծառայ մը. ոչ թէ որպէս մեծագոյն հարստութիւններու տէր,  այլ որպէս աղքատ մարդ մը որ ոչ իսկ տեղ մը ունի իր գլուխը հանգստացնելու. ոչ որպէս պատրիարք` բազմաթիւ ժառանգներով, այլ որպէս ամուրի մարդ անօթեւան ու անտուն։ Ու այս բոլոր գայթակղութիւններու ամենէ մտատանջ նշանը խաչն է, սակայն ճիշդ այդ խաչի ընդմէջէն է որ Յիսուս պիտի հասնի Յարութեան Փառքին - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու յայտնեց թէ Յիսուս այլակերպուած Թաբոր լեռան վրայ ուզեց իր աշակերտներուն ցոյց տալ իր փառքը` ոչ թէ խաչէն խուսափելու համար, այլ որպէսզի անոնց ցոյց տայ թէ ու՞ր կը տանի խաչը։

Ով որ Քրիստոսի հետ մեռնի Քրիստոսի հետ յարութիւն կ՛առնէ։ Ով որ Անոր հետ կը պայքարի, Անոր հետ պիտի յաղթէ։ Այս է ահա Յիսուսի Խաչին յոյսի պատգամը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''Քրիստոնէական Խաչը տունի կահաւորման իր մը չէ եւ ոչ ալ զարդարանք,  այլ կոչ մըն է սիրոյ` որով Յիսուս զոհուեցաւ մարդկութիւնը ազատելու համար չարէն ու մեղքէն։

''Այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին ջերմեռանդութեամբ նայինք խաչելութեան` ատիկա քրիստոնեայ հաւատքի նշանն է, Յիսուսի խորհրդանիշն է` որ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ մեզի համար''-  հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը ու աւելցուց -  Այնպէս ընենք որ Խաչը յատկանշէ մեր քառասնորդացի ուղեւորութիւնը, որպէսզի միշտ աւելիով ըմբռնենք մեղքի ծանրութիւնը ու Փրկիչի զոհաբերումի արժէքը` որով փրկուեցանք։

Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ Յիսուսին հետ ըլլալու լռելեան աղօթքի մէջ, ու թոյլ տալու որ լուսաւորուինք Անոր ներկայութեամբ, որպէսզի մեր սրտին մէջ, ամենէմռայլ գիշերներու ընդմէջէն, կռենք Անոր Փառքին արտացոլումը - յարեց Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն ու անոնցմէ հրաժեշտ առաւ խնդրելով ինչպէս միշտ` որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.