2017-03-11 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քոլոմպիայի մէջ որպէս հաշտութեան առաքեալ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այլեւս պաշտօնական է` Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ 6-էն 11 Սեպտեմբերին առաքելական ճամբորդութեան պիտի մեկնի Քպլոմպիա։ Լուրը հաստատուեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ որուն մէջ կը նշուի թէ Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով Քոլոմպիայի նախագահ Սանթոսին ու Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներու հրաւէրին, յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին պիտի այցելէ Քոլոմպիան` հանգրուան կատարելով չորս քաղաքներ` Պոկոթա, Վիլլավիչենցիօ, Մետելլին եւ Քարթակենա։ Ճամբորդութեան յայտագիրը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ օրերուն։

Միւս կողմէ Պոկոթայի մէջ 10 Մարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հրապարակուեցաւ ճամբորդութեան նշանաբանն ու կարգախօսը  ''Առաջին քայլը կատարենք''։

Բոլորին յայտնի է Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան հաստատման ի սպաս սատարը։ Երկրին քաղաքացիական պատերազմը սկիզբ առած էր 50 տարիներ առաջ, 1964-ին, որ պատճառեց 220 հազար մեռեալ, մինչ այլ 45 հազար անհատներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, ապա կան 7 միլիոնէ աւելի տեղահաններ, հազարաւոր մանուկ զինուորներ ու թմրավաճառքի դժբախտ երեւոյթը։

2016-ի սեպտեմբեր 26-ին,  երկար տարիներու լարուածութենէ ետք ստուգագրուեցաւ խաղաղութեան պատմական համաձայնագիր մը, ընդմէջ կառավարութեան ու ՖԱՐՔ Մարքսիստ խմբակցութեան մարտիկներուն, սակայն 2 հոկտեմբերի երկիրն մէջ կայացած հանրաքուէն չվաւերացուց զայն։ Խաղաղութեան նոր համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ ապա վերոնշեալ տարուայ նոյեմբերին` թէեւ այդ ալ  մնաց անկայուն։ Անցեալ 16 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ օրէն Վատիկանի մէջ միասնաբար ընդունեց Նախագահ Սանթոսը ու անոր անմիջական ընդդիմացողը` նախկին նախագահ Ուրիպէն ու այդ հանդիպումէն ետք բանակցութիւնները նոր թափ ստացան ու այժմ նոր վստահութեան զգացում մը կը տիրէ երկիրն մէջ։

Քահանայապետը արդարեւ Քոլոմպիան պիտի այցելէ որպէս հաշտութեան առաքեալ Քոլոմպիացիները հրաւիրելու` առաջին քայլը կատարել խաղաղութեան կառուցման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.