2017-03-10 10:37:00

Լոյս տեսաւ «Ազդակ» օրաթերթի 90ամեակի բացառիկը։


Լոյս տեսաւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 90ամեայ յոբելեանին նուիրուած բացառիկ թիւը:

Շուրջ 450 էջերէ բաղկացած բացառիկ թիւը կը ներկայացնէ թերթին պատմութիւնը: Հատորին մէջ տեղ գտած են Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու, սփիւռքի նախարարի, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերու եւ այլ նշանաւոր գործիչներու ուղերձները:

«Մարտ 8ի երեկոյեան բացառիկը տպարանէն դուրս բերինք. բաւական տպաւորիչ հատոր մըն է իրապէս: Կան հարցազրոյցներ, ուղերձներ, յուշագրութիւններ, վերլուծութիւններ: Ներկայացուցած ենք հարցազրոյցներ թերթի գլխաւոր խմբագիրներու հետ, ներկայացուցած ենք նաեւ այն մարդոց ցանկը, որոնք 90 տարուան ընթացքին եղած են տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ, վարած են այլ պաշտօններ. շուրջ 500 անուն», «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին ըսած է թերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Բացառիկը իր ընթերցողներուն  կը ներկայացնէ «Ազդակ»ի անցած ուղիի չերեւցող հատուածը: Մասնաւորապէս, աշխատակիցներու մարդկային փոխյարաբերութիւնները, դժուարին, վտանգաւոր ժամանակաշրջաններու խնդիրներու յաղթահարման ուղղուած քայլերը:

Բացառիկ թիւը լոյս տեսած է 1500 օրինակով եւ անոր օրինակները պիտի տրամադրուին հայրերէնագիտական կեդրոններուն, լրատուամիջոցներուն եւ աշխատակիցներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.