2017-03-09 09:12:00

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած են Հայ-Ֆրանսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ


Չորեքշաբթի, 8 մարտին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումը, որուն աւարտին ստորագրուած են շարք մը մարզերու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս ստորագրուած են` Ֆրանսայի կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ համաձայնագիր` Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի մասին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ մտադրութիւններու յայտարարութիւն, համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի, Թուլուզ Միթի-Փիրենէյ դաշնակցային համալսարանի, Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի, Թուլուզի ազգային բազմարուեստից հիմնարկին, Թուլուզ 3-Փոլ Սապաթիէի համալսարանի, Թուլուզ 1 – Քափիթոլ համալսարանի, Թուլուզի Ժան Ժորես համալսարանի միջեւ:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները բանակցութիւններու  արդիւնքները ամփոփած են լրատուամիջոցներուն միացեալ  յայտարարութիւններ տալով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Փարիզի Մէջ Պիտի Հիմնուի «Հայաստանի Տուն», Իսկ Երեւանի Մէջ` «Ֆրանսայի Տուն»

Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած  ընդունելութեան ընթացքին:

Ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան Փարիզի քաղաքապետին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է, թէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ իր ծաւալուն տեղը կը զբաղեցնէ  ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը, յատկապէս` Փարիզի հետ: Բարձր գնահատելով Փարիզի քաղաքապետին զանազան առիթներով Երեւան այցելութիւնը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Երեւան քաղաքի 2798-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Փարիզ-Երեւան կապը աւելիով կ՛ամրապնդուի, եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրները նոյնպէս յաջող աւարտ կ՛ունենան: Այդ ծրագիրներու ծիրին մէջ, Փարիզի մէջ պիտի  հիմնուի «Հայաստանի տուն», իսկ Երեւանի մէջ` «Ֆրանսայի տուն», ինչ որ կը նպաստէ, որ հայերն ու ֆրանսացիները մէկզմէկու   մայրաքաղաքին մէջ իրենք զիրենք զգան իրենց տան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.