2017-03-09 12:13:00

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի ելոյթը կրօնային ազատութեան մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, Ժենեւ -ի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին  մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպում  մը , որուն նիւթը հանդիսացաւ ''փոխադարձ յարգանք եւ խաղաղ համակեցութիւն՝ պայմանները միջ- կրօնային խաղաղութեան ու հաստատման. աջակցիլ  քրիստոնեաներուն եւ այլ հասարակութիւններուն''։

Յիշեալ հանդիպումին  իր մասնակցութիւնը բերաւ  ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ։ Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ  նկատել տուաւ, որ կրօնային  ազատութեան ճանաչումը,  առաջնահերթ եւ ամենէն կարեւոր իրաւունքն է  մարդկային իրաւունքներուն մէջ  եւ  բանալին կը հանդիսանայ  դիմագրաւելու համար աշխարհին տագնապը, որ յատկանշուած է նոր կրօնային հալածանքներով, որուն  առաջին զոհերն են քրիստոնեաները։

Գերապայծառը, կրօնային ազատութիւնը  համարեց  որպէս ժողովրդային կարեւորագոյն երեւոյթ, ապա ընդգծեց թէ  հաւատքի ընտրանքը պէտք է ազատ եւ ստիպողականութենէ զուրկ ըլլայ եւ պաշտպանուած ըլլայ քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ բոլոր կրօնական աւանդութիւնները ծառայելու են հաշտութեան, ու հասարակաց բարիքին ու թէ հարկաւոր է շեշտել, թէ կարելի է կառուցել ընկերութիւն մը առողջ բազմազանութիւն բնոյթով ուր յարգուած են ու արժեւորուած են տարբերութիւնները որոնք կարող են դառնալ դաշնակից` մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու ու աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յանձնառումին։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.