2017-03-08 10:18:00

Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կասեցուած են. Մամետեարով


ՊԱՔՈՒ.- Ներկայիս, Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կասեցուած են. Մարտ 7ին այսպէս յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան։ Ան սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին տակ գործող Դիւանագիտական վարժարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ:

Ան անգամ մը եւս հայկական կողմը մեղադրեց բանակցութիւններէն հեռու մնալու յանցանքով։

«Առաջարկած ենք շարունակել առարկայական բանակցութիւնները, սակայն հայկական կողմը մերժած է: Ապրիլ 2ին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մենք նաեւ առաջարկած ենք բանակցութիւնները շարունակել անոնցմէ ետք եւս», աւելցուց Մամետեարով:








All the contents on this site are copyrighted ©.