2017-03-08 09:07:00

2017-ի ''Path to peace'' մրցանակը պիտի յանձնուի Կարդինալ Մարիօ Զենարիին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մօտ Վատիկանի առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի արժանացած է 2017 տարուայ  ''Path to peace – խաղաղութեան ճանապարհ'' մրցանակիցն` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ի խնդիր տածած իր գործունէութեան համար։

''Path to peace'' համանուն հիմնարկը, որ Միացեալ Ազգերու մօտ Սուրբ Աթոռի դիտորդութեան առաքելութեան 1991-ին հիմնուած մէկ մարմին է, յառաջիկայ 24 մայիս 2017-ին ''Path to peace'' մրցանակը պիտի յանձնէ Նիւ Եորքի մէջ, որուն առթիւ ապա պիտի կազմակերպուի Սուրիոյ ի նպաստ դրամահաւաք։

Կարդինալ Զենարի որ Կարդինալական տիտղոսը ստացաւ անցեալ 17 նոյեմբերին, ութը տարիներէ ի վեր, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակին, որպէս պապական նուիրակ կը ծառայէ Սուրիոյ մէջ։ Այս առընչութեամբ Ան հաստատած է թէ ''Քահանայապետին ներկայացուցիչը կարո՞ղ է արդեօք փախուստ տալ այն վայրէն ուր աւելիով կարիքը կայ անոր ներկայութեան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.