2017-03-07 09:27:00

Մնացէք Սիրոյս մէջ


Սիրելիներս, մի նմանիք չարին, այլ՝ բարիին, որովհետեւ , ով որ բարիք կը գործէ,  Աստուած կը տեսնէ, իսկ ան որ չարիք կը գործէ չի տեսներ Աստուած:

Այն որ ունի Որդին ՝ ունի կեանքը, այն որ չունի Աստուծոյ Որդին՝ չունի կեանքը: Հաճելի է լսել երանութիւնները, երկինքի թռչուններուն ու դաշտերու ծաղիկներուն նման ապրիլ Աւետարանական գաղափարականը, մեր թշնամին սիրել այնպէս ինչպէս որ Յիսուս կը սիրէ: Բայց  ասիկա անկարելի երազ մը կը թուի: Դիտելով պատմութիւնը, այսօրուան աշխարհի  հարցերը, յաճախ յուսահատութեան կը մատնուինք:

Աշխարհը մխրճուած է  ապականութեան, ժողովուրդներու աղքատութեան եւ անօթութեան հարցերու մէջ.Աշխարհի իրողութիւնը հետեւեալն է . դրամաշոթութիւններ, ոճիրները, մարդը՝ որուն պաշտանութեան համար կը կառուցուին  բանտեր:

Հակառակ այս բոլորին, Յիսուս մեզ կը կանչէ երանութիւններու, մեր թշնամիներն ու աղքատները սիրելու: Երբ աշխարհը դիտենք, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շարժումները որոնց մէջ մխրճուած ենք, կը գտնենք թէ հակառակ ամէն բանի , Աստուած ներկայ է : Անոր ներկայութիւնը իրողութիւն մըն է վիրաւոր ու պարզ մարդոց սրտին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ, որոնք կը կատարեն՝ գործեր զորս առանձին պիտի չկարենային ընել:

Կը սկսինք գիտակցիլ մեր աղքատութեան, երբ կ՝անդրադառնանք թէ հեռու ենք երանութիւններուն Վարդապետութենէն, քիչ կը սիրենք մեր թշնամիները, յարձակողական ենք, բարի հովիւներ չենք, իրապէս հասարակութեամբ չենք ապրիր, ու երբեք չենք ջանար դառնալ կամուրջ մը անմիաբան աշխարհին մէջ: Այն ատեն կը գիտակցինք  թէ բարեփոխութեան ճամբուն վրայ ենք: Ուշադրութիւն պէտք է ընենք կրթութեան ընթացքին: Կարող ենք մտիկ ընել Յիսուսի խօսքերուն ու ընդունիլ թէ  անոնք շատ գեղեցիկ են: Յիսուսի խօսքը կը պահանջէ յանձնառում: Աստուած չ՝ուզեր որ զինք խաբենք . կատակել Անոր խօսքերով կը նշանակէ, բառացի կերպով, կրակի հետ խաղալ: Մենք պէտք է հաւատարիմ ըլլանք Յիսուսի խօսքերուն: Ան մեզ կառաջնորդէ սիրոյ լռութեան մէջ, որովհետեւ Յիսուս մեզի կը խօսի մեր էութեան խորը լռութեան մէջ, մեզի կը խօսի խաղաղ խորհրդածութիւններով։ Մնալ Յիսուսի մէջ ասիկա է աղօթքին նպատակը: Պէտք է ապրինք Անոր խօսքը, բանանք մեր էութեան բաժակը Աստուծոյ ներկայութեան ու մտնենք Անոր լռութեան մէջ: Այս է կերպը՝ որով Աստուած մեզի կը խօսի, սէրը՝ որով Ան կը յուզէ մեր սրտին խորը, պէտք է մենք մնանք այս խաղաղութեան մէջ:

 « Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, Այնպէս ալ Ես ձեզ սիրեցի: Հաստատ մնացէք իմ սիրոյս մէջ»: (Յովհ. Ժե. 9-11) Բժշկումի եւ յեղաշրջումի ընթացքը կը սկսի ու կ'աւարտի երբ մենք աղօթելով հաստատ մնանք Յիսուսի մէջ: Որքան մենք մնանք Յիսուսի մէջ, այնքան կը դառնանք հեղինակներ խաղաղութեան ու Աստուծոյ զաւակ ։ Աշխարհի մը մէջ՝ ուր կ'իշխէն  կռիւն ու մահը, կարեւոր է աճումը՝յանձնառումին եւ սիրոյն:

Պէտք է սորվինք հաւատարիմ ըլլալ սիրոյ մէջ, որովհետեւ սէրը վերացում մը չէ, ուրախութեան մէկ պահ չէ: Սէրը հաւատարմութիւն է սիրեցեալին հանդէպ, կը սորվեցնէ սպասել ու միասին աճիլ: Սէրը կը հեռացնէ վախը:

Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.