(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ՝ Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, թեմի հաւատացեալներու յղած է նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած է առաքելական կառավարիչ ընտրուելէ եօթ ամիսներ ետք թեմի գործունէութեան, ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած հարցերուն մասին։ Նամակին սկիզբը Ան գրած է թէ ՝՝Քառասնորդացը, իսկապէս ապաշխարութեան ուղեւորութիւն մըն է ։ Մենք՝ Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներս ու քահանաներս , կը գտնուինք մեղաւորներու շարքին, կը հայցենք Աստուծոյ Ողորմածութիւնը ինչպէս նաեւ ապաշխարելու շնորհքը՝՝։ Գերապայծառ Փիցցապալլա ապա անդրադարձած է Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան վերջին 170 տարիներուն առաքելութեան՝ ի նպաստ հաւատացեալներուն, իր ժողովրդապետութիւններով , կաթողիկէ դպրոցներով ինչպէս նաեւ բարեսիրական կազմակերպութիւններով որոնք իրենց նպաստը բերելով վկաները հանդիսացան Քրիստոսի Յարութեան։
Եկեղեցւոյ բարի գործերէն բացի առաքելական կառավարիչը անդրադարձած է նաեւ եկեղեցւոյ գործած սխալներուն ՝՝եկեղեցին զանազան մարզերուն մէջ գործած է նաեւ սխալներ, իր առաջնահերթ առաքելութենէն շեղելով` որ է Աւետարանի քարոզչութիւնը ու հովուական ձեռնակները՝՝ գրած է գերապայծառ Փիցցապալլան, աւելցնելով որ ինք վերջերս հանդիպած է Եպիսկոպոսներուն քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն, ու զանոնք քաջալերած է եկեղեցւոյ ներկայ հարցերը քաջութեամբ, եղբայրական հոգիով ու համեստութեամբ դիմագրաւելու, յանձնարարելով նաեւ կեդրոնանալ հովուական ձեռնակներուն վրայ , նոր հովուական գրասենեակներ բանալով՝ ի սպաս հասարակութեան ծառայութեան.
Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա նամակը աւարտած է գրելով, որ տակաւին շատ բաներ կան ընելիք, ապա նշած է, որ ժամանակն է վերանորոգումի, վերակառուցումի, համոզում յայտնելով, որ իր եպիսկոպոսներն ու քահանաները պատրաստ են պայքարելու բարի պատերազմը` եւ քաջութեամբ դէպի յառաջ ընթանալ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |