2017-03-06 10:18:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքութեան կոչը վերակառուցելու Իրաքի Քրիստոնեայ գիւղերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Պատրիարքութիւնը կոչ յղած է ի սպաս Նինուէյի գիւղերու վերակառուցման, այնտեղ ուր այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան արշաւէն առաջ կ՛ապրէին Քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որոնք ստիպուած եղան փախչիլ ու հեռանալ իրենց հօրենական հողերէն։ Կոչը ուղղուած է Քաղդէացի Եկեղեցւոյ սփիւռքի բոլոր թեմերու հաւատացեալներուն որպէսզի սատարեն այդ գիւղերու վերականգնումին ու գաղթականութեան ճամբան առած քրիստոնեաներու վերադարձին։

Պատրիարքութիւնը ապա տեղեկացուցած է թէ մի քանի թեմեր արդեն  որոշ գումար տրամադրած են այս առընչութեամբ, սակայն անոնք բաւարար չեն ու թէ հարկաւոր է շարունակել դրամահաւաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.