2017-03-04 08:38:00

Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացք Վենետիկի մէջ


Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի «STUDIUM MARCIANUM» հաստատութեան հետ, կազմակերպած հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-18: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 19-ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31-ին, մեկնում՝ Օգոստոս 20-21-ին:

Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պէտք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ՝ նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ։

ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:

Արձանագրութեան սակն է՝ 790 եւրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին:

Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտի 31ը: Այդ թուականէն ետք պէտք է վճարուի 550 եւրօ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍ 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից):

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ: Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն՝
ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի՝
Assoc. Padus-Araxes – c/o Centro di Documentazione della Cultura Armena, Loggia del Temanza, Corte Zappa, Dorsoduro 1602, I-30123 VENEZIA

Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որ կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագրերու միջոցով, որ է՝ mandat-poste international/international money-order:

Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին:

Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ: Ամբողջ այս շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 910 եւրօ առանձին սենեակի մէջ, 790 եւրօ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ՝ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած:

Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի:

Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժեն շուրջ 9 եւրօ: Անոնք, որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:

Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝
daniela@padus-araxes.com; benedettacon@gmail.com: Ի հարկին հեռաձայնել բջիջայնի թիւերուն՝ +39.347.4562981 (Դանիէլա) եւ +39.349.0986027 (Բենեդետտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-13:00, եւ կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20:00-21:30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:

Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: ԵՐԲԵՔ չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարանի կամ որեւէ այլ իտալական հիմնարկի գրասենեակներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.