2017-03-04 08:56:00

՝՝Սուրիոյ մէջ դառն Քառասնորդաց է՝՝ ըսաւ Արքեպիսկոպոս Սամիր Նասսար։


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի  Մարոնիթ եկեղեցւոյ թեմի Արքեպիսկոպոս Սամիր Նասսար, հրապարակած է Քառասնորդաց շրջանի հովուական թուղթ մը,  որուն մէջ նշած է,  թէ Սուրիոյ քրիստոնեաները, քառասնորդացի շրջանը դառն կացութեան մէջ կ՝ապրին։ Ան՝ ապա Սուրիոյ եկեղեցւոյ ծանր պայմաններու շարքին ընդգծած է   Քահանաներուն տագնապը, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լքած են երկիրը՝ զրկելով հաւատացեալները հովուական սփոփանքէն ։

Սուրիոյ մէջ ժողովրդապետութիւնները` պատերազմի բերումով ականատես եղան  հաւատացեալներու  մեծ թիւի  նուազումին ու  նաեւ  հովուական ձեռնակներու նուազումին ,գրած է Մարոնիներու հոգեւոր պետը ,ապա յայտնած , թէ 27 քահանաներ հեռացած են    Դամասկոսի եկեղեցիէն,  այս  մէկը որակելով զօրաւոր հարուած արդէն անկումի մէջ գտնուող երկրի  քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։

Արքեպիսկոպոս Նասսար, քառասնորդացի պատգամը եզրափակած է նշելով, թէ սոյն  լքումի եւ աղքատութեան պայմաններուն մէջ է,   որ 2017 թուի քառասնորդացը,  անապատին  մէջ առիթ կ՝ընծայէ   անդրադառնալու  եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան  ու անոր ներկայութեան՝   դժուարութեան մէջ գտնուող հաւատացեալներուն կողքին,  առիթ  է նաեւ բանալու նոր  ուղիներ զոր կ՝առաջնորդեն  դէպի Յարուցեալ Քրիստոս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.