2017-03-03 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 մարտի քարոզը ՝՝իսկական ծոմապահութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 3 մարտին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին  ներկայացուցած խորհրդածութեան նիւթը եղաւ իսկական ծոմապահութիւնը,  որ կը կայանայ, ըսաւ Ան, մերձաւորին օգնութեան հասնելու մէջ։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը,  ուր կը խօսուի ծոմապահութեան  մասին Ֆրանչիսոս Պապ ըսաւ  ՝՝այսօրուան սուրբ գրային ընթերցումը կը խօսի  ծոմապահութեան մասին,  զղջումի մասին, ,  որուն հրաւիրուած ենք  Քառասնորդաց շրջանի ընթացքին,  Տիրոջ   աւելի  մօտենալու համար , ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  աւեցնելով,  որ ՝՝Սաղմոսերգուին մէջ գրուած է , թէ  Տէրը կը նախընտրէ  զղջացողին  սիրտը , սիրտ մը որ ինքզինք մեղաւոր կը նկատէ'' ապա  հաստատեց թէ ''Տէրը իսկական ծոմապահութիւն կը պահանջէ,  որ է օգնել մերձաւորին'''։  

Ֆրանչիսկոս Պապ դրուագ մը պատմեց,   որ պատահած է  Յիսուսեան միաբանութեան՝ Հայր Փետրօ Առուփէյի, համաշխարհային Բ պատերազմէն ետք, երբ ան առաքելութեամբ  Ճափոն  կը գտնուէր։ Հարուստ գործարար մը  Յիսուսեան վարդտպետին  նուիրատուութիւն կ՝ընէ։ Մարդուն կողքին լրագրող ու  լուսանկարիչ մը կը գտնուէր իսկ  ծրարին մէջ կային 10 ամերիկեան տոլար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց.թէ   մենք եւս նոյնը  կ՝ընենք , երբ  արդար կերպով չենք  հատուցեր  մեր պաշտօնեաները։  Ան  զգուշացուց  մեր կատարած  աղօթքի ժեսթերը, ծոմապահութիւնը,   ողորմութիւնը  կաշառքի վերածելէ,  սնապարծութեան կաշառքը, յիշել տալով   Յիսուսի այն խօսքը  ուր կ՝ըսէ ՝՝երբ կ՝աղօթէք ծածուկ կերպով ըրէք։՝՝

Նորին Սրբութիւն եզրափակեց իր քարոզը մէջբերելով Եսայի մարգարէի խօսքէն հատուած մը, ուր Տէրը կեղծաւորներուն կը խօսի իսկական ծոմապահութեան մասին ու հարց տալով,  որ արդեօք ծոմապահութիւնը չի կայանար հացը բաժնեկցելով անօթիին հետ, թշուառները մեր տուները հիւըընկաելու մէջ,    մերկերուն հագուստ տալու մէջ ապա  հրաւիրեց ներկաները խոկալու իրենց սրտերոնւ  մասին եւ մտածել,  թէ ''ինչպէս կ՝աղօթենք ու ծոմ կը պահենք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.