2017-03-03 14:33:00

Վանականութիւն (ԻԸ)


Նախորդ հաղորդումին մէջ, առնելով Հաղբատ եւ Սանահին վանքերու օրինակը, նկատեցինք, թէ ինչպէս վանքերը ունեցած են նաեւ տնտեսական գործունէութիւններ, որոնք բարգավաճ շրջաններ ունեցած են, սակայն նաեւ պատճառ եղած են զեղծումներու։

Անգամ մը եւս տեղեկութիւններ կը քաղենք Հ. Համազասպ Ոսկեանի Գուգարքի վանքերու նուիրուած հատորէն։

Սանահին ու Հաղբատ անուանի եղած են իրենց հարստութեամբ, իրաւասութեան տարածութեամբ, արքայազուններու դամբարաններով եւ արքայական հիմնարկութեամբ, ինչպէս նաեւ ճարտարապետութեամբ։

Սանահին ունեցած է շատ բարեբեր կալուածներ, վարելահողեր, անտառներ, արօտատեղիներ եւ բազմաթիւ գիւղեր ու ագարակներ։ Անոնցմէ շատերը կը յիշուին արձանագրութիւններու եւ հրովարտակներու մէջ։ Բայց անոր մուտքերը գրեթէ միշտ նուազ եղած են եւ զանոնք պահպանելու եւ պահելու համար ստիպուած է պայքարիլ, խնդիրներ ունենալ – մանաւանդ Հաղբատի հետ – եւ այն դժբախտաբար շատ կանուխէն եւ շարունակուած դարերու ընթացքին։ Սակայն պէտք է ըսել թէ ինքն ալ ուրիշին ինչքին ձեռք երկնցուցած է։

Այդ մենաստանը կրնար մեծ ծառայութիւն մատուցանել հայ ժողովուրդին մտքին ու սրտին եւ անոր կարիքներն ամոքել, բարիք տարածել եւ աւելի ծաղկուն վիճակ ունենալ, եթէ աննպաստ պարագաներ չապականէին ու չքանդէին շինութիւններէ մաս մը, չվնասէին այգիներուն եւ հողերուն եւ երեւան գային աւելի արթուն եւ կարող ղեկավարներ։ Այսպէս ըլլալով ալ Սանահին եղաւ հայ այն վանքերէն, որ կրցաւ դարերու դէմ մաքառիլ, արդիւնաւորուիլ եւ ազգին օգտակար ըլլալ զանազան մարզերու վրայ։

Սանահին իր մասունքներով հռչակուած է։ Եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ հոն եկած են իրենց աղօթքը մատուցանելու եւ իրենց նուէրները ընելու։ Ըստ աւանդութեան այս մասունքներէն նշանաւորն են Աստուածածնի մազերէն հիւսք մը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, Սուրբ Խաչի մասունք մը, Ս. Թովմասի ականջը, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի մասունք մը։

Իսկ Հաղբատի ամենէն անուանի անդամներէն եւ աչքառու մատենագիրներէն է Յովհաննէս Սարկաւագ, որ կը հռչակուի իբրեւ «Մեծիմաստն գիտութեամբ ... քան զյոլովս եւ հանճարեղն ամենայնի, մտահարուստն, յոյժ իմաստուն ... սուրբ ... իմաստասէրն աստուածային ... Սոփեստէս»։ Ան քահանայական սերունդէ է, ծնած հաւանօրէն ԺԱ. դարուն առաջին կիսուն վերջերը, Փառիսոս գաւառին մէջ եւ մեռած ԺԲ. դարուն առաջին կիսուն սկիզբները։

Հաղբատի կալուածները եղած են արգասաբեր եւ վարձահատոյց քրտնաթոր ճակատներու, զի ունէին առատ ջուր եւ առողջ կլիմայ։ Անդաստաններու մէջ կը յաջողէին ցորենն ու արմտիքներ եւ բանջարեղէններ, իսկ անտառները լի էին զանազան ծառերով որոնցմէ ատաղձագործութեան յարմար փայտեր եւ տախտակներ կը պատրաստէին։ Գետերուն մէջ կը գտնուէին համեղ եւ առատ ձկներ։

Հաղբատ ունէր նաեւ ընդարձակ թեմ։ Օրբելեանի վկայութեան համաձայն Ցուտաւայի Մովսէս եպիսկոպոսին թեմը կը ժառանգէ Հաղբատ։ Նաեւ Ափխազներու երկրին հայերն ալ Հաղբատի առաջնորդին իրաւասութեան ենթակայ էին։

Դարերու ընթացքին Հաղբատ վանքը կը ստանայ շատ մը կալուածներ եւ հողեր՝ իր շրջակայքը եւ Գուգարքի մէջ. նաեւ կ’ունենայ առաջնորդական թեմ իր շրջակայքը եւ մինչեւ հեռաւոր տեղեր եւ անոնց մէջ ալ կալուածներ ու հողեր, բայց նաեւ կʼունենայ անոնց համար հարցեր ու խնդիր եւ շատերէն կը զրկուի, մինչեւ որ կʼիյնայ Թիֆլիսի եւ Էջմիածնի իշխանութիւններուն ներքեւ։

Ղուկաս Կարնեցի կաթողիկոսը կը յիշէ, թէ Սանահինցիներու եւ հաղբատցիներու մէջ թեմի տարածութեան եւ իրաւասութեան նկատմամբ կռիւներ ու վէճեր անպակաս եղած են։

Այս վանքերը շատ կանուխէն իրարու հետ հողային հարցեր կʼունենան եւ անոնք դարերու ընթացքին ալ կը շարունակուին։ Նման հարց եւ ինչպէս թեմական հարց Հաղբատ կ’ունենայ Հաղարծին վանքի հետ եւ Սիմէոն ու Դաւիթ կաթողիկոսները մտքերը կը հանդարտեցնեն վէճի նիւթ եղած վայրերու կէս առ կէս բաժանումով։

Կալուածներու, բայց յատկապէս շէնքերու կարեւոր վնասներ կ’ունենայ Հաղբատ պատերազմներու, արշաւանքներու եւ աւերումներու միջոցին ու պատճառով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.