2017-03-03 10:28:00

Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Թըտմոր քաղաքը


«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Թըտմոր քաղաքը: ՏԱՀԵՇ քաղաքէն նահանջելէ առաջ ականահարած է բազմաթիւ վայրեր:

Սուրիական օդուժը իր կարգին հարուածած ու վնասազերծած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կարաւանը, որ քաղաքէն դէպի արեւելք գտնուող Սախնայի ճամբայ կը նահանջէր:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Փալմիրի պատմական բերդը եւ Թըտմորէն արեւմուտք գտնուող Իթիսալաթ բլուրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.