2017-03-03 08:43:00

Եկեղեցին Հայկական։ Մեծ Պահքի կիրակիները` յատուկ եւ իմաստալից անուններով։


Մեծ Պահքը ունի 7 Կիրակիներ, որոնք յատուկ եւ իմաստալից անուններ ունին.

Ա. Բուն Բարեկենդան Մեծ Պահքին նախորդող Կիրակին է. բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք՝ աշխարհիկ իմաստով ուրախութիւն, խրախճանք, իսկ կրօնական իմաստով՝ երանելի կեանք, ինչպէս Ադամը կ’ապրէր դրախտին մէջ արտաքսուելէն առաջ:

Բ. Արտաքսման Ադամն ու Եւան իրենց անհնազանդութեան պատճառաւ երկար չմնացին դրախտին մէջ եւ արտաքսուեցան հոնկէ: Մեզի՝ մեղաւորներուս համար Քրիստոս ապաշխարութեամբ ցոյց տուաւ փրկութեան ճամբան, եւ դրախտին արժանանալու յոյսը:

Գ. Անառակին Այս Կիրակին կը կրէ տուեալ օրուան ճաշու աւետարանի հատուածին անունը: Մեծ Պահքի ընթացքին մեր ուղեւորութիւնը կը նմանի Անառակ Որդիին ապաշխարութեան յաջորդող դէպի իր հօր տունը վերադարձին: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 15.11-32 ին մէջ:

Դ. Տնտեսին Անառակի Կիրակիին կը յաջորդէ Տնտեսի Կիրակին որ իր անունը կը ստանայ դարձեալ Յիսուսի խօսած առակներէն մէկէն: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 16.1- 13 ին մէջ: Միջինքը տեղի կ’ունենայ այս Կիրակիին յաջորդող Չորեքշաբթին:

Ե. Դատաւորին Դարձեալ Յիսուսի առակներէն մէկէն կը ստանայ իր անունը, որ դատաւորի մը եւ յարատեւող այրիի մը առակն է, զոր կրնանք կարդալ Ղուկաս 18.1-8 ի մէջ:

Զ. Գալստեան Այս կիրակի օրուան առակը Քրիստոսի աշխարհ գալուն խորհուրդը կը բացատրէ: Այդ օրուան աւետարանական ընթերցումին վերջին համարը՝ Մատթէոս 23.39 Քրիստոսի Գալստեան կ’ակնարկէ:

Է. Ծաղկազարդ Այսպէս կը կոչուի Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ, իր խաչելութիւնն ու յարութիւնը կանխող Մէկշաբթի օրը: Այդ օր մանուկները եկեղեցի կ’երթան զարդարուած մոմերով ու կը մասնակցին թափօրին: 








All the contents on this site are copyrighted ©.