2017-03-03 10:33:00

Եւրոպական խորհրդարանը Մարին Լը Փենը զրկեց երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ


Եւրոպական խորհրդարանը երէկ իր լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկած է իր անդամ երեսփոխաններէն` Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար եւ երկրի նախագահութեան թեկնածու Մարին Լը Փենը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու օգտին:

28 փետրուարին Եւրոպական խորհրդարանի իրաւաբանական հարցերու յանձնախումբը որդեգրած էր Լը Փենը անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին որոշում մը: Այդ որոշումը պէտք էր հաստատուէր լիագումար նիստին ընթացքին:

Երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը ներկայացուած էր Նանթերի դատախազութեան կողմէ: Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուն կը մեղադրուի «բռնարարքներու պատկերներ տարածելու» ամբաստանութեամբ: Ֆրանսայի մէջ հետաքննութիւն սկսած էր, երբ դեկտեմբեր 2015-ին ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան ղեկավարը «Թուիթըր»-ի վրայ տարածած էր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ քանի մը պատանդներու սպանութեան լուսանկարներ եւ անոնց տակ գրած. «Այս է ՏԱՀԵՇ-ը»:

Լը Փեն կրնայ դատապարտուիլ երեք տարուան բանտարկութեան եւ 75 հազար եւրօ տուգանքի:








All the contents on this site are copyrighted ©.