2017-03-02 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 2 մարտ 2017-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ Ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւններուն հայող լսատեսողական  պատգամը  նուիրուած հալածուած Քրիստոնեաներուն անկախ անոնց դաւանական պատկանելիութենէն։   

Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

՝՝Քանի անձեր հալածուած են իրենց հաւատքին պատճառաւ,  անոնք ստիպուած են իրենց բնակարանները իրենց պաշտամունքին վայրերը, իրենց հողերն ու հարազատները լքել։

Անոնք կը հալածուին եւ կը սպաննուին որովհետեւ քրիստոնեայ են, առանց որ ՝ զանոնք հալածողները որեւէ խտրութիւն դնեն`  անոնց պատկանած դաւանանքներու միջեւ։ Ձեզի հարց կու տամ.  քանիներ կ՝աղօթեն հալածուած քրիստոնեաներուն համար  

Ձեզ կը քաջալերեմ այս մէկը կատարելու իմ հետս, որպէսզի անոնք փորձարկեն համայն եկեղեցիներու եւ հասարակութիւններու զօրակցութիւնը, աղօթքի եւ նիւթական աջակցութեան  միջոցաւ՝՝։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.