2017-03-02 10:26:00

Մարի Քոլլինսը հրաժարեցաւ մանուկներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամի իր պաշտօնէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի մարտ մէկին `Տիկին Մարի Քոլլինս հրաժարեցաւ մանուկներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի անդամի իր պաշտօնէն, զոր կը վարեր 2014-էն ասդին։

Մարի Քոլլինս իր այս հրաժարականի պատճառը վերագրած է Հռոմէական Քուրիայի այլ գրասենեակներու վերոնշեալ յանձնախումբի հետ համագործակցութեան բացակայութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժարականին հանդերձ Տիկին Քոլլինսին ուղղեց շնորհակալութեան խօսքեր, այնպէս ինչպէս ըրաւ նաեւ յանձնախումբի նախագահը` Կարդինալ Օ Մալլէյ ու յանձնախումբի այլ անդամներ, յատուկօրէն շնորհակալութիւն յայտնելով Տիկին Քոլլինսին որ  ընդունեց իր համագործակցութիւնը շարունակել ''դաստիարակչական'' մարզէն ներս։

Նշենք թէ Տիկին Քոլլինս` եղած է կղերական դասի անդամներու կողմէ կիրարկուած մանկապղծութեան թիրախ դարձած մանուկներէն մին։

Կարդինալ Օ Մալլէյ յայտնեց թէ Մանուկներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի յառաջիկայ լիանիստ գումարի ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Տիկին Քոլլինսի արտայայտած մտահոգութիւններու հարցերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.