2017-03-02 09:16:00

Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ պիտի բացուի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն


Հայաստան կը նախատեսէ Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ բանալ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն: Այդ մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրի նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մարտ 2-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ըստ հիմնաւորման, Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւններուն էական յառաջընթաց արձանագրուած է վերջին 5-6 տարիներուն ընթացքին, մասնաւորապէս` Երեւանի մէջ վերաբացուած է Իրաքի դեսպանութիւնը, գումարուած են տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-իրաքեան համատեղ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստեր, գործարար համաժողովներ, բացի այդ, տարիէ տարի կ’աւելնայ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, զբօսաշրջային ժամանակահատուածին կը գործեն ուղիղ չուերթներ Պաղտատ-Էրպիլ-Երեւան ուղղութիւններով:

«Հայ-իրաքեան յարաբերութիւններուն մէջ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը առաւել կը դրսեւորուի իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ, որ, մասնաւորապէս, պայմանաւորուած է ինչպէս անվտանգութեան, այնպէս ալ` նպաստաւոր այլ գործօններով: Քիւրտիստանը, ըլլալով Իրաքի կազմին մէջ, ունի ինքնավար կարգավիճակ, ուր կը գործեն երեք տասնեակէ աւելի օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններ: Հաշուի առնելով արդիւնաւէտ երկկողմ համագործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, Քիւրտիստանի մէջ առաւել ստուար դառնալու միտում ունեցող Իրաքի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական գործունէութիւն  ծաւալող Հայաստանի գործարար շրջանակներու առկայութիւնը, ապրանքաշրջանառութեան կայուն աճը, եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ յայտագիրներու փոխանակման միջոցով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` նպատակայարմար է Էրպիլի մէջ հիմնել ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն»,– նշուած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան եզրակացութեան մէջ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.