2017-03-01 08:33:00

ՀՀ Նախագահը հանդիպած է Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահին հետ


Աշխատանքային այցով Պելճիքայի Թագաւորութիւն գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի նորանշանակ նախագահ Անթոնիօ Դայեանիի հետ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան միջոցներու եւ  հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ մինչ այդ Հայաստանի նախագահը հարցազրոյց տուած է Euronews  հեռատեսիլի ընկերութեան:

Պատասխանելով լրագրողը հետաքրքրող հարցերուն` Հանրապետութեան Նախագահը անդրադարձած է Հայաստան-եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարին, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը համարուող Հայաստան-ռուսիա ռազմավարական գործընկերութեան, ԵԱՏՄ-ին անդամակցելէ ետք Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ այդ կառոյցի ապագային մասին իր պատկերացումներուն, դէպի Եւրոպա Հայաստանի արտահանման ներուժին, ՆԱԹՕ-ի հետ Հայաստանի համագործակցութեան եւ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագրերուն, ՀՀԿ ընտրական ցուցակին մէջ իր ընդգրկուած չըլլալու պատճառներուն, Սահմանադրական փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ կառավարման նոր համակարգին անցնելէ ետք Հայաստանի ապագային:

Անթոնիօ Դայեանիի հետ հանդիպման ընթացքին՝ Նախագահ Սարգսեան, օգտուելով առիթէն, մէկ անգամ եւս շնորհաւորած է զինք Եւրոպական խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ վստահութիւն յայտնած, որ պարոն Դայեանիի պաշտօնավարման ընթացքին ԵՄ բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը պիտի շարունակէ իր ծանրակշիռ նպաստը բերել միջազգային այդ հեղինակաւոր կառոյցի յետագայ վերելքին: Հանրապետութեան Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Անթոնիօ Դայեանի իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման: Սերժ Սարգսեան եւ Անթոնիօ Դայեանի երկուստէք ջերմութեամբ յիշած են 2008 թուականին Պրիւքսէլի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումը: Նախագահը բարձր գնահատած է պարոն Դայեանիի աներկբայ ու սկզբունքային դիրքորոշումը մարդու հիմնարար իրաւունքներուն վերաբերող հարցերուն մէջ, որ դրսեւորուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Եւրոպական խորհրդարանի կողմէն բանաձեւի ընդունման ժամանակ:

Հանրապետութեան Նախագահը սիրով հրաւիրած է Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահը`այցելելու Հայաստան եւ մօտէն ծանօթանալու մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ հայկական հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութեան: Եւրոպական խորհրդարանի նախագահի այցը, Նախագահ Սարգսեանի համոզումով, լաւ ուղերձ պիտի ըլլայ` յատկապէս հաշուի առնելով, որ Հայաստանը անցում կը կատարէ կառավարման խորհրդարանական համակարգին, որ շատ բնորոշ է եւրոպակայ ժողովրդավարութիւններուն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան` գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ Եւրոպական խորհրդարանին հետ կը զարգանան աշխոյժ յարաբերութիւններ: Հայաստանի մէջ իրականացուած սահմանադրական բարեփոխումները եւ նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանը` նոր Սահմանադրութեամբ ընդլայնուած լիազօրութիւններով, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համոզումով, ալ աւելի աշխոյժ պիտի ըլլայ ինչպէս Եւրոխորհրդարանի, այնպէս ալ ԵՄ անդամ պետութիւններու հետ համագործակցութեան հարցերուն մէջ:

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման ուղղութեամբ տեղի ունեցող բարեփոխումներու գործին մէջ Սերժ Սարգսեան անգնահատելի  համարած է ԵՄ շարունակական աջակցութիւնը, որ, ըստ անոր, վստահաբար նոր թափ պիտի ստանայ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւնները կարգաւորող շրջանակային համաձայնագիրին ստորագրումէն ետք:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները, արձագանգելով հայկական կողմի հրաւէրին, պիտի մասնակցին սահմանադրական բարեփոխումներէն ետք առաջին անգամ Ապրիլին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները, առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, այդ ծիրէն ներս անդրադարձած ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին: Երկուստէք կարեւոր համարուած է ԵԱՀԿ ՄԽ շրջանակներուն մէջ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագծի իրավիճակը եւ Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական ու սադրիչ քայլերը: Հանրապետութեան Նախագահը բարձր գնահատած է այն պատգամաւորներուն ջանքերը, որոնք անձամբ եղած են Արցախ եւ յստակ գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը ցանկայ Արցախի ժողովուրդը: Սերժ Սարգսեան դատապարտելի համարած է եւ իր մտահոգութիւնը յայտնած Եւրոպական խորհրադարանի այդ պատգամաւորներուն Ատրպէյճանի կողմէն հետախուզում յայտարարելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.