2017-03-01 11:57:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ ՝՝Աստուծոյ անունը կանչել՝՝


«Աստուծոյ անունը կանչելու» հասկացութենէն տարբեր իմաստով գործածուած է վերոնշեալ «Տէ՛ր, Տէ՜ր» արտայայտութիւնը, որ Նոր Կտակարանին մէջ իր գործածուած տեղը գովասանական բացագանչութիւն մըն է աւելի, քան թէ՝ խնդրական կոչ մը:

Յիսուս զատորոշելու համար վաւերական, ճշմարիտ աշակերտները կեղծաւորաբար զինք սիրողներէն ու պաշտողներէն կ՝ըսէր. «Չկարծէք, թէ ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր» կ’ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ»: Աստուածորդին բացայայտօրէն վար կ’առնէ կեղծիքի դիմակը, զոր իր շուրջը դարձողներէն ոմանք այնքան հանգիստ խղճով կը կրէին իրենց դէմքին: Ան նաեւ վախճանաբանական պատկերը ցոյց կու տայ անոնց, ըսելով, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ ժամանակներու աւարտին, նման խաբեպատիր զգացումներով իր անունը շահագործողներուն: Ան կ’ըսէ. «Երբ այդ օրը գայ, շատեր պիտի ըսեն ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր, չէ՞ որ քու անունովդ Աստուծոյ պատգամները փոխանցեցինք, քու անունովդ չար ոգիներ դուրս հանեցինք եւ քու անունովդ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք»: Այն ատեն պիտի յայտարարեմ անոնց. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար: Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք»» (Մտ. 7.21-23)։

Իր կողմէ մերժուելիք եւ իրմէ հեռացուելիք անձերու դէմ ուղղած Յիսուսի ամբաստանութիւնը գլխաւոր երեք կէտեր ունի, որոնք իր մտածողութեան մէջ, ընդհանուր կերպով «չարիք» վերնագրին տակ ամփոփուած են:

Ա.- Աստուծոյ պատգամները փոխանցել,

Բ.- Չար ոգիներ դուրս հանել եւ

Գ.- Հրաշքներ գործել:

Անկասկած, որ այս երեք երեւոյթները ունին նաեւ իրենց դրական իմաստները: Սակայն այստեղ անոնք կը հետեւին կեղծապատիր «Տէ՛ր, Տէ՜ր» բացագանչութեան, որ կը նուազեցնէ անոնց իսկական արժէքը եւ մատնանիշ կ’ընէ մարդոց աչքէն ծածկուած մեքենայութիւն մը:

Աւետարանի այս հատուածին մէջ արտայայտուած տողամիջի պատգամը այն է, որ՝ եթէ կը յաջողուի քեզի մարդիկը խաբել, վստահաբար պիտի ձախողիս զԱստուած խաբելու մեծագոյն ճիգիդ մէջ։

Ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասապահերէն դրուագ մը կրնամ վերյիշել մեծերու կեանքէն, որուն մէջ միեւնոյն մտածումը գտայ։ Այնտեղ կը պատմուէր Մարկոս Անտոնիոս զօրավարին եւ Կղէոպատրա թագուհիին մասին, որոնք յաճախ իրարու հետ ձկնորսութեան կ’երթային։ Զօրավարը դանդաղաշարժ էր, մինչ թագուհին ձեռներէց եւ արագաշարժ։ Կղէոպատրա յաճախ կը յաջողէր մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր որսալ, մինչ Անտոնիոս գերթէ ձեռնունայն կը դառնար։ Առիթով մը Անտոնիոս վարպետ լողորդի մը յանձնեց մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր, զոր բերել տուած էր գաղտնաբար, որպէսզի ջուրին տակ իջնելով անզգալաբար մէկ առ մէկ զանոնք անցընէ իր կարթին։ Կղէոպատրայի աչքէն չվրիպեցաւ սակայն այս խորամանկ ճարպիկութիւնը։

Յաջորդ անգամ, երբ դարձեալ միասնաբար նոյն հաճոյքը կը վայելէին ծովափին, միեւնոյն խաղը այս անգամ Կղէոպատրա ի՛նք կը կազմակերպէ, սակայն երբ Անտոնիոս վեր կը քաշէ իր կարթը, տապկուած մեծ ձուկ մը կը գտնէ այնտեղ կախուած…։

Նոյնպէս ալ զԱստուած չես կրնար խաբել երբեք։ Ան գիտէ մանաւանդ թէ «ջուրին տակը» եղած պահուդ ի՞նչ կ’ընես։

Այս մասին փարիսեցիներուն դէմ իր ունեցած արտայայտութիւններուն մէջ Յիսուս յստակօրէն կը մատնանշէ կարգ մը թերութիւններ։ Ինչ որ ուրիշին կ’ըսես, առաջին գործադրողը դո՛ւն պիտի ըլլաս, այլապէս անարժէք ու անիմաստ խօսք մը կ’ըլլայ արտասանածդ։ Յիսուս բազմաթիւ առակներով ու քարոզութիւններով շեշտած է մարդկային ըլլալ բոլորին նկատմամբ ու մանաւանդ անոնց, որոնք մեր թշնամիները կը համարենք։ Բարի սամարացիին առակը միթէ գեղեցիկ օրինակ մը չէ՞։ Թշնամիները սիրելու պատգամը սքանչելի քարոզախօսութիւն մը չէ՞ Յիսուսի կողմէ կատարուած։

Հայր մը իր ունեցած թանկարժէք ադամանդը կը խոստանայ տալ իր երեք տղոցմէ անոր, որ լաւագոյն արարքը կատարէ։ Առաջինը անփութութեամբ կը մերժէ մասնակցիլ, արհամարհելով իր հօր ժառանգը եւ գուրգուրանքը։ Երկրորդը անպատսպար երեխայի մը նկատմամբ սէր ու գութ կը ցուցաբերէ եւ կը պաշտպանէ զայն փողոցի քարկոծողներուն դէմ։ Երրորդը իր թշնամիին կեանքը կը փրկէ…։ Հայրը կը գնահատէ այս վերջինը եւ անոր կը յանձնէ թանկարժէք քարը։

Աստուծոյ տրուած ստորոգելիներուն ամէնէն գեղեցիկներէն մէկն է «ամենատեսութիւնը»։ Մարդիկ ինչքան ալ խորամանկութիւն, հետապնդող հետաքրքրութիւն ու թանձր պատեր ճեղքող երեւակայութիւն ունենան, չեն կրնար ուրիշներու հոգիէն ներս թափանցել ջինջ յստակութեամբ։ Եղի՛ր ինչ որ ես, առանց ջանալու երեւնալ ինչ որ չես, ու մանաւանդ չե՛ս կրնար ըլլալ…։ «Տէ՛ր, Տէ՜ր»ը չես կրնար խաբել եւ յանկարծ օր մը կը լսես անոր ձայնը, որ քեզի կ’ըսէ. «Հեռացի՛ր ինձմէ, որովհետեւ դուն չարիք կը գործէիր»։








All the contents on this site are copyrighted ©.