2017-03-01 09:14:00

Լոյս տեսած է «Հայեր-արիականներ» հատորը


Լոյս տեսած է Էնրիքօ Ֆերրի հեղինակած՝ «Հայեր–արիականներ՝ «Արեան առասպել»ը, 1938-ի ցեղային օրէնքներ եւ հայերը Իտալիոյ մէջ» («Armenians-Aryans, The “Blood Myth”, the Race Laws of 1938 and the Armenians in Italy») անգլերէնհատորը՝ «Նովա»հրատարակչատան կողմէ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Հրատարակիչին յղած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Երեսունական թուականներուն հրապարակուեցան, նախ՝ Գերմանիոյ մէջ (1935-ին), ապա՝ Իտալիոյ մէջ (1938-ին), «ցեղի պաշտպանութեան» առնչուող շարք մը օրէնքներ: Մեկնելով հնդեւրոպական սկզբնական լեզուի մը գոյութեան ենթադրութենէն, կը պատկերացուէր նախնական արիական ժողովուրդի մը գոյութիւնը՝ հոգե-ֆիզիքական իւրայատուկ յատկանիշներով ու ռազմիկ ցեղի մը յատկութիւններով, հիմնուած՝ պատիւի, արկածախնդրութեան, յաջողութեան իղձի ու նուիրապետական կարգերը յարգելու արժէքներուն վրայ։ Անոնք այս արժէքներուն հետեւելով եւ անոնց յարմարող ապրելակերպ որդեգրելով՝ նպատակ ունէին օրինականացնել անոր գերակայութիւնը: Այդ ժողովուրդը, ապա, բաժնուած էր զանազան ցեղային խումբերու, որոնք պահպանեցին սկզբնական իրենց յատկութիւնը, որ կը գտնուին Եւրոպայի ժողովուրդներու մեծամասնութեան մէջ: Անցեալ դարու երեսունական թուականներուն, մեկնելով այդ անկայուն ենթադրութիւններէն՝ շարք մը կեղծ գիտութիւններու հիման վրայ, ինչպէս էր պարագան «phrenology»ի եւ «physiognomy»ի, կամ այլապէս վատօրէն սահմանուած «ցեղի վարդապետութիւններ»ուն, սահմանուեցան որոշ պատկանելիութեան կամ բացառումի չափանիշներ՝ արիական ցեղի եւ սեմական ու ոչ-արիական ցեղի միջեւ։ Այս չափանիշները կազմեցին գաղափարական հիմքը շարք մը ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու դէմ խտրականութեան, հալածանքի ու հարստահարման, ինչպէս՝ հրեաներուն եւ գնչուներուն դէմ: Այս ուսումնասիրութեան մէջ կը վերակառուցուի այդ շրջանի Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ հայ հասարակութեան առնչուող իրադարձութիւններու բարդ խճանկարը՝ վերլուծելով ու լուսաբանելով հայ ժողովուրդին արիական բնոյթին մասին ներկայացուած դէմ կամ թեր նիւթերը եւ պատմական շրջապատը, ուր տեղի ունեցան այդ բանավէճերը»:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել

www.novapublishers.com/catalog/product_info.php?products_id=59147 կայքէջը։








All the contents on this site are copyrighted ©.