2017-02-28 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 փետրուարի քարոզը.''Աստուծոյ պարգեւին լիութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագի զոհը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յոդորեց ''հետեւիլ Յիսուսին,  որ ամէն ինչ կը շնորհէ եւ ոչ թէ հարստութիւններուն,  դիտել տալով թէ Աստուծոյ նուիրումը  ամբողջական  է ,  որ իր գագաթնակէտին հասաւ խաչին վրայ''։

՝՝Կարելի չէ ծառայել երկու Տէրերու՝ կամ Աստուծոյ կամ հարստութեան՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով որ Քառասնորդաց շրջանին եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ մտածելու` Աստուծոյ եւ հարստութեան հետ  յարաբերութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  յիշեց հարուստ երիտասարդի  դրուագը, որ կ՝ուզէր Յիսուսին հետեւիլ, սակայն նախընտրեց հարստութիւնը, ապա  նշեց Յիսուսի  այն խօսքը , թէ ''աւելի դիւրին է,  որ ուղտ մը ասեղի ծակէն մտնէ քան հարուստ մը արժանանայ  երկնքի արքայութեան''։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ ուր Սուրբ Պետրոս հարց կու տայ Յիսուսին, թէ ի՞նչ պիտի  ըլլայ իրենց, որ ամէն ինչ թողեցին Իրեն հետեւելու համար, ընդգծեց  թէ Յիսուսին տուած պատասխանը շատ յստակ պատասխան մըն է ''այն որ Իրեն համար ամէն ինչ կը թողու, կրկնապատիկը պիտի ստանայ  այս աշխարհի եւ ապա  Աստուծոյ արքայութեան մէջ։

՝՝Երբ Յիսուս բան մը կը կու տայ, լիութեամբ կը պարգեւէ – յարեց Սրբազան Հայրը – Ան նոյնիսկ  իր անձը կը նուիրէ որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւը ամբողջական նուիրում է, հաստատեց Ան  ու ընդգծեց թէ այս ըլլալու է նաեւ մեր ապրելակերպը`''լիութիւնը  փնտռել մինչեւ անձնուիրում եւ ընթանալ Յիսուսի ուղիին վրայէն''։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակելով յարեց, թէ հարուստ երիտասարդը  կարողութիւնը չունեցաւ ամբողջական անձնուիրումի շնորհքը ընկալել, այնպէս ինչպէս ընկալեցին Սուրբ Պետրոսն ու այլ սուրբեր, որոնց շարքին Չիլեցի Սուրբ Ալպերթօ Հուրտոն,  որ աշխատեցաւ աղքատներուն  համար՝ չարչարանքներ ,հալածանքներ կրելով   սակայն միշտ ուրախութեամբ ընկալեց ամէն ինչ` ես ուրախ եմ Տէր ես ուրախ եմ կրկնելով։ Թող որ այս սուրբը մեզի սորվեցնէ ընթանալ այս ուղիինն վրայէն, որ թէեւ դժուար է սակայն՝ մեզի կը հասցնէ լիութեան` Յիսուս Քրիստոսի խաչին վրայ ոչնչացումի լիութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.