2017-02-28 09:22:00

Ւսլամ –Քրիստոնեայ միջկրօնական գիտաժողով ՝ Գահիրէի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Գահիրէի Ալ Ազհար համալսարանին մէջ 27-28 փետրուարին, տեղի ունեցաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ միջկրօնական գիտաժողով,  նախաձեռնութեամբ Սիւնիններու համալսարանի Ահմատ Ալ Թայյիպ Աւագ իմամին։

Ւսլամ-Քրիստոնեայ միջ-կրօնական գիտաժողովին կեդրոնական նիւթեր հանդիսացան, կրօնական ազատութիւնը, Պետութեան քաղաքացիական բնոյթը, քաղաքացիութեան իրաւունքը եւ հետեւաբար` օրէնքի դիմաց բոլորին հաւասարութիւնը ու տարբերութիւններու յարգանքը։

Գիտաժողովին, որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ 2014-ին գումարուած առաջին գիտաժողովէն ետք,  իրենց մասնակցութիւնը բերին, կրօնական ասպարէզի ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ, համալսարանական, գիտական եւ արաբ աշխարհէն՝ ներառեալ Լիբանանէն բազմաթիւ իշխանութիւններ։

Գիտաժողովին նպատակն է զարգացնել  լուսաւոր եւ արդի իսլամութիւն մը, որ կարող է արդիականութեան հետ յարաբերիլ,  հաւատարիմ մնալով իր իւրայատկութեան ու  աւանդութեան՝ առանց բռնութեան դիմելու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.