2017-02-27 10:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ. Միասին վկայենք սիրոյ Աւետարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 փետրուար 2017-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի ''All Saints'' անուան Անկլիքան եկեղեցւոյ, հանդիսանալով պատմութեան առաջին Քահանայապետը որ այցելեց այդ եկեղեցին ու Անկլիքան հասարակութիւնը, որ կը նշէ Հռոմի մէջ իր ներկայութեան 200-րդ ամեակը։

Նորին Սրբութեան այս այցելութիւնը հանդիսացաւ  նշանակալից նոր հանգրուան մը Անկլիքան – Կաթողիկէ 50 տարիներու համամիութենական երկխօսութեան ծիրէն ներս, որուն ընթացքին Քահանայապետը օրհնեց Քրիստոս Փրկիչը պատկերացնող խճանկար մը ու պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Հռոմի Անկլիքան ''All Saints'' ու Հռոմի կաթողիկէ Ամենայն Սրբոց եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց նաեւ թէ քննարկումի մէջ է Հարաւային Սուտանի մէկ առաքելական ճամբորդութեան մը ծրագիրը։

Այցելութեան վայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ ''All Saints'' ժողովրդապետութեան հոգեւոր Հովիւ վերապատուելի Ժոնաթան Պորտմանի ու Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Ռոպերթ Իննեսի կողմէ։

Այս առթիւ նախատեսուած ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին, ունկնդրելէ ետք Անկլիքան վերապատուելիին ու առաջնորդին խօսքերը Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը որուն մէջ ընդգծեց միասին քալելու փափաքի հարկաւորութիւնը հեռու անցեալի կասկածներէն, անվստահութենէն ու փոխադարձ թշնամական կեցուածքներէն

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի հարց կու տայ եթէ պատրաստ ենք անցեալէն մի քանի բաներ ետ թողուլ ու դառնալ անոր սիրոյն ու անոր ողորմութեան պատգամաւորները։

Այս ընելու համար հարկաւոր է հայցել աստուածային ողորմութիւնը որ միացած հեզութեան` կը դառնայ համամիութենական ուղեւորութեան բանալին։

Եթէ մենք ճանչնանք մեր տկարութիւնը ու ներողութիւն  հայցենք այդ ժամանակ Աստուծոյ ապաքինման ողորմութիւնը կը ցոլայ մեր մէջ ու կը դառնայ նաեւ արտաքնապէս տեսանելի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ` Կաթողիկէներն ու Անկլիքանները կանչուած են միասնաբար քալել,  եղբայրսիրութեան համաձայնուած  վկայութիւններով որոնց միջոցաւ տեսանելի կը դառնայ Յիսուսի ողորմած դիմագիծը։ Փառք տանք Տիրոջ որովհետեւ քրիստոնեաներու միջեւ աւելիով աճեցաւ իրարու մօտենալու իղձը որ կը յայտնուի իրարու հետ աղօթելու մէջ ու աւետարանի միասնական վկայութեան մէջ յատկապէս ծառայութեան առաքելութեան ընդմէջէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ''երբ Քրիստոսի անունով կը համախմբուինք Ան ներկայ կը գտնուի մեր մէջ ու իր ողորմութեան հայեացքը կ՛ուղղէ մեր վրայ, մեզ կոչելով յանձնառու ըլլալ ի սպաս միութեան ու սիրոյ։

Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած էր նաեւ զրոյց մը որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին ուղղուեցան երեք հարցումներ որոնց առաջինը հայող Կաթողիկէ Անկլիքան յարաբերութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ այդ յարաբերութիւնները այսօր եղբայրական են, թէեւ անցեալին տեղի ունեցան դժբախտ իրողութիւններ…սակայն կարեւոր է որ մենք միասին քալենք ու միասին յառաջ ընթանանք, ինչպէս է այսօրուան պարագան'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը

Ու պատասխանելով երկրորդ հարցումին հայող համամիութեան երկխօսութեան ընթացքի հանգրուաններուն` աստուածաբանական ու ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ երկու ծաւալներն ալ կարեւոր են։

Աստուածաբանական հարցերը կը քննարկուին համամիութենական երկխօսութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին սակայն միաժամանակ մենք պէտք է նաեւ իրար զիրար օգնենք­, հոգալու մեր պիտոյքները` ըլլան հայող մեր կեանքին բայց նաեւ հոգեւորին։  ''Աստուածաբանական երկխօսութեամբ մենք կը հասնինք մեր արմատներուն'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով սակայն այս մէկը կատարել միասնական ընթացքի ժամանակ, ապա պատասխանելով երրորդ ու վերջին հարցումին հայող աշխարհի հարաւային շրջանի մէջ գտնուող եկեղեցիներու գործունէութեան լոյսին տակ բարելաւելու յարաբերութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ երիտասարդ եկեղեցիները տարբեր կենսունակութիւն ունին, ապա յայտարարեց թէ քննարկումի մէջ է դէպի Հարաւային Սուտան առաքելական ճամբորդութեան մը ծրագիրը, ի տես տեղական երեք եկեղեցիներու առաջնորդներու խնդրանքին` Անկլիքան, Կաթողիկէ ու Երիցական­,  որոնք Սրբազան Քահանայապետէն խնդրած են այցելել հարաւային Սուտանը նոյնիսկ մէկ օր, Քենթերպուրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպպիի հետ միասին։ ''Այդ երեք առաջնորդներու խնդրանքն է այս ու մենք պէտք է իրականացնենք այդ ճամբորդութիւնը հակառակ երկրին մէջ տիրող դժուար կացութեան, որովհետեւ այդ երեքը միասնաբար կը գործեն խաղաղութեան ի սպաս եւ կը հայցեն խաղաղութիւնը։ 

Հռոմի Անկլիքան եկեղեցւոյ կատարած Ֆրանչիսկոս Պապին այս այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ միութեան իղձն ու կամքը յառաջ ընդանալու միասին­, դէպի լիակատար միութիւն, համամիութենական երկխօսութեան միջոցաւ որ լոկ աստուածաբանական համամիութիւն չէ­­ միայն, այլ նաեւ երկկողմանի ու միասնական հարցերու շուրջ շօշափելի ներգործութիւն, ինչպէս զոր օրինակ` արարչութեան հոգատարութիւնը, եղբայրօգնութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.